2017-11-15 09:29:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Հանգիստը կարելի չէ՛ համեմատել որեւիցէ հաճոյքի հետ: Միայն ծոյլ մարդիկ այնպէս կը խորհին, որ հանգիստը հաճոյանալու համար է: Քրիստոնէական սկզբնական դարերուն, յատկապէս վանականութեան ծաղկումին հետ, եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ ծնունդ առաւ նաեւ հանգիստի ժամերը սահմանափակելով, աղօթքի ժամերը բազմացնելու բարեպաշտական մտածումը:

Աշխատանք, կամ՝ աղօթք: Իսկ յիշեալ այդ աշխատանքը՝ անպայման պէտք է համեմատելի ըլլար աղօթքին հետ, այսինքն՝ բարենպատակ գործ մը ըլլար ինքնին, բարի աշխատանք մը, Աստուծոյ եւ նմանին հանդէպ սիրով ու ծառայութեամբ իմաստաւորուած:

Բուսականութեամբ միայն սնանող ու խստամբեր պահեցողութեամբ կրօնաւորած վանականները իրենց մահկանացուն կը կնքէին յաճախ կաշի-ոսկոր դարձած, քունի ժամերը կրճատած ըլլալուն եւ իրենք զիրենք ծանր աշխատանքներով ծանրաբեռնած ըլլալուն հետեւանքով: Գիշերային հանդարտութեան մէջ, քունի ամէնէն հաճելի եւ առողջընկալ ժամերը Աստուծոյ նուիրած են մեր հայրերը:

Նախնական այդ դարաշրջաններու կենցաղակերպերն ու անոնց կապուած հաւատալիք-համոզումները յարգելով հանդերձ, պէտք է այսօրուան կեանքին համապատասխան ձեւով հաստատել մարդ էակին հանգիստի տեսակն ու ժամերը: Այս գծով կենդանիները բնազդային կազմաւորում ունենալով, ժամանակէն վեր կը մնան: Անոնք բնազդօրէն կը մղուին հանգիստի կամ շարժումի:

Իսկ մա՞րդը…

Մարդը բնաւ չի՛ դիմանար կրկնուող անքուն գիշերներու: Մէկ անքուն գիշերն իսկ բաւական է, որ ան տկարանայ ֆիզիքապէս, անտրամադիր դառնայ, փնտռէ խաղաղ անկիւն մը, ուր գլուխը հանգչեցնէ գէթ, նոյնիսկ ցուրտ քարի մը վրայ, առանց անկողնի ու ծածկոյթի:

Ովկիանոս կտրող օդային ճամբորդութիւնները դոյզն օրինակ կրնան ծառայել, գաղափար տալով անգործ յոգնութեան մասին: Օդանաւին մէջ եղող մարդը քարակոփի ծանր աշխատանք չէ, որ կը կատարէ, ո՛չ ալ բեռնակիրի մը չուանը մէջքին կապած ծանր բեռներ կը տեղափոխէ շալակով: Ընդհակառակը, «հանգիստի մէջ է» ձեւով մը՝ գրեթէ միշտ նստած բազկաթոռի մը մէջ: Հիւրասիրութիւն կ’ընդունի ան, վերջին նորութիւնները եղող ժապաւէնները կը դիտէ, թերեւս քիչ մը կը կարդայ ու կը գրէ, աչքերը կը փակէ քնանալ կարենալու համար: Բայց ինչո՞ւ կը յոգնի եւ օդանաւէն դուրս գալէն ետք հանգիստ անկողին մը կը փնտռէ շուտով: Բնականաբար՝ հանգիստ քունի պակասին հետեւանքով: Մէկ գիշերուան քունի պակասը կը պարտադրէ մարմնին՝ հանգչիլ, եւ կը քնանայ, մինչեւ որ մարմինը ինք գոհանայ ու բաւարար նկատէ իրեն ընծայուած այդ անհրաժեշտ հանգիստը:

Այսօրուան կեանքը կարելի չէ՛ համեմատել անցեալի կեանքին: Անհամեմատելի եզրեր կան, որոնք կը պարտադրեն մարդուն անպայմա՛ն ստեղծել հանգիստի պահեր, կազդուրելու համար ո՛չ միայն մարմինը, այլեւ միտքն ու հոգին:

Մտքի հանգիստը դարձեալ էական է: Անկարեւոր մարդոցմէ ու գործերէ հեռու պէտք է մնանք, ու մեր առօրեայ ծրագիրը դատարկենք անոնցմով զբաղելու անպէտք աշխատանքէն: Գործերու նուիրապետութիւն հաստատել՝ կը նշանակէ առաջնահերթութիւն դնել մեր կարիքներուն եւ ըստ այնմ տնօրինել մեր կեանքը:

Եւ վերջապէս, հոգիի հանգստութեան կարիք ունի ամէն մարդ: Սա պայմանաւորուած է խղճի հանգստութեամբ: Եթէ հանգիստ է խիղճդ եւ Աստուծոյ ու մարդոց դիմաց բաց է ճակատդ, կը նշանակէ, թէ հանգիստ է հոգիդ ու մաքուր է երեւակայութիւնդ:

Մարմնի, մտքի եւ հոգիի այս երրեակ հանգստութեան արժանացողը աւելի երկար կը տոկայ կեանքին: Ականջի ետեւ մի՛ ձգեր ու բարձիթողի մի՛ ըներ հանգստանալու մարդկային բնական պահանջդ: Ծանր թէ թեթեւ անցնող իւրաքանչիւր օրուան աւարտին, միշտ յիշէ՛, որ հանգիստի պէտք ունիս եւ անպայմա՛ն պէտք ունիս:

 

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.