2017-11-15 08:21:00

Հռոմի մէջ գիտաժողով՝ Երեւանի «սահմանադրական մշակոյթի» կեդրոնի ձեռնարկով։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 17 եւ 18 նոյեմբեր 2017-ին, Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական կաճարի մէջ, Երեւանի «սահմանադրական մշակոյթի» կեդրոնի ձեռնարկով  կազմակերպուած է «Ժամանակակից  անհատներու հոգեւոր- իրաւական վարքի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարումի հրամայականները» բնաբանով միջազգային գիտաժողով մը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ի մէջ այլոց՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, ու օրէնսդրական բնագիրերու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Քոքքոփալմիերօ ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի նախագահ՝ Փրոֆ Գագիկ Յարութիւնեան, որ է նաեւ Երեւանի «սահմանադրական մշակոյթի» միջազգային կեդրոնի հիմնադիրը։

Նշենք թէ «սահմանադրական մշակոյթի» կեդրոնի հնադրութիւնը կատարուեցաւ՝ 2016-ի Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ  կայացած միջազգային համաժողովի ընթացքին։ Կեդրոնի հիմնադիր 39 անդամներու շարքին կան նաեւ այլ երկիրներուն Սահմանադրական Դատարաններու նախագահներ։

«Ժամանակակից  անհատներու հոգեւոր- իրաւական վարքի մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարումի հրամայականները» բնաբանով միջազգային գիտաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին երեք գլխաւոր նիւթեր. Ժամանակակից անհատի հոգեւոր ինքնութեան կազմաւորման ծիրէն ներս սահմանադրական մշակոյթի դերը. կրօնական արժէքները ժամանակակից սահմանադրական արժէքներու վարդապետութեան համակարգի մէջ. մարդու իրաւական ու հոգեւոր վարքի այլանդակութեան ներկայ մարտահրաւէրներն ու զանոնք յաղթահարելու հրամայականները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.