2017-11-15 10:22:00

«Սուրբ Պատարագը՝ գլխաւոր ու գերազանց աղօթք է». Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Երբ տեղ մը կ՚աղօթէր, դադրելէն ետք իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, աղօթե՛լ սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէս սորվեցուց իր աշակերտներուն»:  Ուստի ըսաւ անոնց. «Երբ կ՚աղօթէք՝ ըսէ՛ք. “Հա՛յր մեր՝ որ երկինքն ես՝՝, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ՝՝: Մեր ամէնօրեայ հացը՝ տո՛ւր մեզի օրէ օր.  ներէ՛ մեզի մեր մեղքերը, քանի որ մենք ալ կը ներենք բոլոր անոնց՝ որ պարտապան են մեզի. ու մի՛ տանիր մեզ փորձութեան, հապա ազատէ՛ մեզ Չարէն՝՝ »:

Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածէն ներշնչուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, չորեքշաբթի 15 նոյեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, ներկայացուց իր խորհրդածութիւնը՝ շարունակելով խօսիլ Սուրբ Պատարագի մասին ու յատկապէս հաստատելով թէ Պատարագը աղօթք է։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,  բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, սկիզբ տալով խորհրդածութեան եւ նշելով թէ սուրբ զոհի գեղեցկութիւնը հասկնալու համար հարկաւոր է սկսիլ շատ պարզ մէկ իրականութենէն՝ այն է թէ պատարագը աղօթք է, առ աւելին ան ամենավսեմ, ամենաբարձր ու գերազանց աղօթք է»։ «Ան սիրոյ հանդիպում է Աստուծոյ հետ, Անոր Խօսքին ու Յիսուս Քրիստոսի մարմնոյ եւ արեան միջոցաւ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով աղօթքի նշանակութիւնը որ է՝ ըսաւ ան, երկխօսութիւն ու Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն։

«Արդարեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն, Աստուած որ է Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, եւ որ սիրոյ կատարեալ յարաբերութիւն է, որ է միութիւն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ մենք ստեղծուած ենք որպէսզի մենք եւս այդ կատարեալ սիրոյ յարաբերութեան մէջ մտնենք։ Ու սուրբ պատարագը ամենամեծ շնորհքն է որուն ընթացքին կը փորձարկենք Յիսուսի հետ ըլլալու փորձառութիւնը ու Անոր միջոցաւ Աստուծոյ ու մեր եղբայրակիցներուն հետ, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ աղօթել կը նշանակէ նաեւ լրութեան մէջ մնալ, Յիսուսին հետ ու Անոր նման։

Երբ պատարագի կը մասնակցինք ու մի գուցէ մի քանի վայրկեան առաջ կը հասնինք եկեղեցի կը սկսինք զրուցել մեր մօտ գտնուող անձին հետ, այդ պահը սակայն զրոյցի պահ չէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այդ պահը ամփոփումի պահ է որպէսզի պատրաստուինք երկխօսութեան։ Սրտի ամփոփումի պահն է հանդիպելու համար Յիսուսին։ Լրութիւնը շատ կարեւոր է։ Պատարագի մասնակցիլը՝ թատերախաղ մը չէ, այլ հանդիպում է Տիրոջ հետ ու լրութիւն ու ամփոփումը մեզ կը պատրաստեն այդ հանդիպումին, յարեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ Աւետարանները մեզի կը հաղորդեն թէ երբ Յիսուս կ՛ուզէր աղօթել կը քաշուէր ամայի վայրեր. Աշակերտները այդ մէկը տեսնելով է որ կը դիմեն Անոր ու կը խնդրեն «Տէր մեզի ալ սորվեցուր աղօթել»։  Յիսուս առ այդ կը պատասխանէ թէ աղօթքի առաջին անհրաժեշտութիւնն է գիտնալ «Հայր» բառը օգտագործել, որ մտերմութեան մէջ կը դնէ մեզ Աստուծոյ հետ, սակայն անոր կից հարկաւոր է նաեւ հեզութիւնը, խոնարհութիւնը, Աստուծոյ յանձնուիլը մանուկներուն նման, որոնք գիտեն թէ մէկը իրենց պիտի հոգայ։  

Աղօթքի երկրորդ կեցուածքը  զարմանքը՝ հիասքանչուիլն է, որովհետեւ երկնքի արքայութիւն մտնելու համար հարկաւոր է որ մենք այլ թոյլ տանք որ զարմանանք, ու Տէրը արդարեւ մեզ կը զարմացնէ, մեզի ցոյց տալով թէ մեզ կը սիրէ հակառակ մեր տկարութիւններուն. Ան որ զոհուեցաւ մեր ու համայն աշխարհի մեղքերուն համար։ Ահա թէ ինչպէս այս պարգեւը որ է մխիթարութեան ակնաղբիւր, մեզի կը տրուի Սուրբ Հաղորդութեան ընդմէջէն, այդ հարսանեկան սեղանը ուր Փեսան կը հանդիպի մեր դիւրաբեկութեան որպէսզի մեզ վերադարձնէ մեզի վերապահուած առաջին կոչումին՝ այն է ըլլալ Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Ահա այս է սուրբ պատարագի զոհը, այս է աղօթքը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան բազմահազար հաւատացեալներուն, հուսկ յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները, յիշեցնելով թէ այսօր կը յիշատակենք Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ Մեծն Սուրբ Ալպերթոյի տօնը։

Սիրելի երիտասարդներ ամրապնդեցէք ձեր երկխօսութիւնը Աստուծոյ հետ, սիրելի հիւանդներ Յիսուսի խաչին խորհուրդին մէջ գտէք սփոփանք ու դուք սիրելի նորապսակներ ջանք թափեցէք Քրիստոսի հետ ունենալու մնայուն կապ մը, որպէսզի ձեր սէրը ըլլայ միշտ աւելիով Աստուծոյ սիրոյ արտացոլում  - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.