2017-11-14 08:59:00

Ռայի Պատրիարքը պատմական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը առաջին մարոնի պատրիարքն է, որ կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա:

Երէկ կէսօրէ ետք Ռայի պատրիարքը հասաւ Ռիատ, ուր դիմաւորուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի երկիրներու պետական նախարար Թամեր Սապհանի կողմէ:

Սապհանի հետ ունեցած դռնփակ հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը  փոխադրուեցաւ իր կեցութեան վայրը:

Ի պատիւ Ռայի պատրիարքին, երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ լիբանանեան դեսպանատան մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը` դեսպան Ապտել Սաթթար Իսայի կողմէ:

Ընթրիքին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները միշտ լաւ եղած են` աւելցնելով, որ բոլոր պարագաներուն ալ Ռիատ Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերած է: Ռայի պատրիարքը այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին եւ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ գահաժառանգ իշխանին հետ:

Աւելի ուշ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Երեկոյեան ան Ռիատէն պիտի մեկնի Հռոմ` մասնակցելու համար եկեղեցական ժողովներու:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրին Պէյրութէն մեկնեցաւ Ռիատ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը ճամբեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի:

Պուխարի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին պատմական այցելութիւնը պիտի ծառայէ բոլորին շահերուն` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող լիբանանցիները իրենց երկրորդ հայրենիքին մէջ կը գտնուին եւ անոնց նկատմամբ յարգալիր վարուելակերպ կը ցուցաբերուի:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախանցեալ գիշեր Հարիրիի արտայայտած կեցուածքները մտահոգութիւնները փարատեցին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած քաղաքական տագնապը աւելի կարեւոր դարձուցած է` իր ձեւին մէջ առաջինը նկատուող, Ռիատ իր այցելութիւնը:

Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Պուխարիին` իր այցելութիւնը նախապատրաստելու համար եւ մաղթեց, որ այդ այցելութիւնը ամէն իմաստով Լիբանանին բարիք կը բերէ: «Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները միշտ հեզասահ եղած են եւ ամուր: Սէուտական Արաբիա միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին, իսկ լիբանանցիներուն առաջադրանքները պիտի ներկայացնենք Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխանին», աւելցուց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.