2017-11-14 12:25:00

Հարաւային Սուտանի ու Քոնկոյի հանրապետութեան խաղաղութեան ի նպաստ աղօթք՝ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 23 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան 05.30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի յատուկ երեկոյ, որուն պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Աղօթքի երեկոն նուիրուած է Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ խաղաղութեան հաստատումին։ Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.