2017-11-14 08:26:00

Աղքատներու Միջազգային օր. Սպանիոյ Եպիսկոպոսներուն հրաւէրը հաւատացեալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սպանիոյ Եպիսկոպոսները հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են Աղքատներու Միջազգային օրուան առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, յառաջիկայ կիրակի, նոյեմբեր 19ին, «Չենք սիրեր խօսքեր, այլ արարքներ» բնաբանի տակ։ Սպանիոյ եպիսկոպոսական ժողովը եւ Քարիթասը կը հրաւիրեն հաւատացեալները եւ բարի կամք ունեցող մարդիկ, որ գործերով պատասխանեն աղքատներու աղաղակին եւ գործունեայ կերպով մասնակցին միջազգային օրուան՝ շօշափելի արտայայտութիւններով։ Անոնք կը յիշեցնեն, թէ Սրբազան Պապի նախաձեռնութիւնը ունի երկու նպատակ՝

- քաջալերել հաւատացեալները, որ հակադարձեն վատնումի եւ թափօնի մշակոյթին՝ իւրացնելով մերձեցումի մշակոյթը։ Հետեւաբար հրաւէրը ուղղուած բոլորին, հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու՝  աղքատներուն հետ բաժնեկցելու զօրակցութեան արարքներ՝ իբր նշան եղբայրութեան։

- յառաջացնել սէրը՝ որ մեզ կ՛առաջնորդէ հետեւիլ աղքատ Քրիստոսի, եւ կատարել իսկական հանդիպում մը աղքատին հետ։ Եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն, այն ինչ որ կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ՝ թէ աղքատները ոչ միայն բարի կամքի գործերու ընկալողներն են, այլ նաեւ մեր խիղճը զգայուն կը դարձնեն՝ ի դէմս ընկերային անարդարութեան։

 Յայտնենք թէ Աղքատներու Միջազգային օրը որ հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ այս տարի պիտի նշուի առաջին անգամուան համար եւ որպէսզի ձեռնարկի առաջին այս օրուան առթիւ խանդավառութիւն ստեղծուի, Սպանիայի եպիսկոպոսական դասը պատրաստած է զանազան նիւթեր, որոնք տրամադրուած են ժողովրդապետութիւններու եւ քրիստոնեայ համայնքներու։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.