2017-11-13 11:13:00

Վատիկանի մէջ համագումար առողջապահական խնդիրները՝ արդարացի կերպով երաշխաւորելու համար։


(Ռատիօ Վատիկան) 16-17-18 նոյեմբեր 2017-ին, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական  մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովին եւ Կաթողիկէ առողջապահական հաստատութիւններու միջազգային դաշնութեան ,Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ «Դիմագրաւել առողջապահական խնդիրներու հայող՝ համաշխարհային անհաւասարութիւնը» տիտղոսով միջազգային համագումար։

Համագումարին  ընթացքին պիտի շօշափուին հետեւեալ նիւթերը։  «Տեղեկացնել ճանչնալու համար, ճանչնալ գործի լծուելու համար, գործի լծուիլ փոփոխութիւն կատարելու համար, ապա   փոփոխութիւն կատարել առողջապահութեան  ծառայութիւն մատուցելու համար ի պաշտպանութիւն  իւրաքանչիւր անհատի կեանքի իրաւունքին» 

Համագումարի բացումը տեղի կ՝ունենայ, 16 նոյեմբերին , Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին  մէջ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ, որ պիտի  գլխաւորէ   վերոնշեալ քահանայապետական ժողովին նախագահը՝ Կարդինալ  Փիթեր Քոտվտօ Աբբիա Թուրքսոնը,  որմէ ետք պաշտօնական բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով ելոյթ կ՝ունենայ Վատիկնաի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթօր Փարոլին,  ապա  իր զրոյցը կը ներկայացնէ  Քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման  ժողովին ենթաքարտուղարը՝ Գերապայծառ  Սելուտօ Թեժատօ Մունոզը։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Նշենք թէ շաբաթ 18 նոյեմբերին, նախատեսուած է որ  համագումարի մասնակիցները հանդիպին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.