2017-11-12 12:30:00

«Իմաստուն եւ յիմար կոյսերու առակը» Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 12 նոյեմբեր 2017-ի կիրանօրեայ աւետարանական ընթերցումը, ըստ լատինաց, քաղուած է Մատթէոս աւետարանիչէն «(Գլ 25, 1-13) որուն վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած  կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի  ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւնը, դիտել տալով թէ Աւետարանի այդ պատմուածքը մեզի ցոյց կու տայ Երկնքի Արքայութիւն մտնելու պայմանները։

«Տասը կոյսեր որոնց պարտականութիւնն էր փեսան դիմաւորել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, նշելով թէ այդ կոյսերէն հինգը իմաստուն էին եւ հինգը յիմար։ Առաջինները արդարեւ ճրագներու հետ միասին իրենց հետ տարին նաեւ ձէթը, մինչ յիմարները ոչ։ Եւ որովհետեւ փեսան կ՛ուշանար տասը կոյսերն ալ թմրեցան ու քնացան։ Կէս գիշերին ձայն մը կը հնչէ ու կ՛աւետէ փեսային ժամանումը։ Այդ պահուն յիմար կոյսերը կ՛անդրադառնան թէ իրենց ճրագները կ՛առկայծին ձէթի պակասէն ու կը դիմեն իմաստուն կոյսերուն որոնք սակայն կը պատասխանեն թէ չեն կրնար իրենց տալ ձէթը՝ որովհետեւ մի գուզէ բաւարար չըլլայ իրենց համար եւս։ Եւ մինչ յիմար կոյսերը կը փութան ձէթը գնել վաճառականներէն, փեսան կը հասնի եւ անոնք որ պատրաստ էին փեսային հետ կը մտնեն հարսնետուն  եւ դուռը կը փակուի։ Երբ յիմար կոյսերը կը վերադառան ու դուռը կը բախեն անոնք կը ստանան խիստ պատասխան մը «ճշմարիտ կ՛ըսեմ, չեմ ճանչնար ձեզ» ու դուրսը կը մնան։

Յիսուս իր այս առակով մեզի կ՛ուզէ յիշեցնել թէ պէտք ենք միշտ պատրաստ ըլլալ Անոր հետ հանդիպումին։ Բազմաթիւ անգամներ Աւետարանին մէջ Յիսուս կը յորդորէ արթուն մնալ եւ հսկել եւ նոյնը կ՛ընէ նաեւ վերոնշեալ պատմուածքին մէջ «հսկեցէք ուրեմն, քանի որ ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ալ ժամը»։ Հսկել  չի նշանակեր միայն չի քնանալ, այլեւ ըլլալ պատրաստ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը խրատելով չի սպասել վերջին պահը, համագործակցելու համար Աստուծոյ շնորհքին հետ այլ այդ մէկը ընել այժմէն իսկ։ 

Ճրագը մեր կեանքը լուսաւորող հաւատքի խորհրդանիշն է, ըսաւ Քահանայապետը, ու ձէթը խորհրդանիշն է սիրոյ որ կը սնուցանէ, պտղաբեր ու հաւատալի կը դարձնէ հաւատքի լոյսը, աւելցուց Ան հաստատելով թէ Տիրոջ հետ հանդիպելու պայմանը միայն հաւատքը չէ՝ այլեւ քրիստոնէական կեանք մը՝ հարուստ սիրով՝  մերձաւորին նկատմամբ։

«Եթէ մենք ըլլանք արթուն ու ջանանք միշտ բարիք գործել, սիրոյ, բաժնեկցութեան ու դժուարութեան մէջ գտնուող մերձաւորին նկատմամբ ծառայութեան ներգործութիւններով, կրնանք հանդարտութեամբ սպասել փեսային» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը՝ որպէսզի մեր հաւատքը միշտ աւելիով դարձնէ գործնական՝ եղբայրսիրութեան արարքներու միջոցաւ եւ որպէսզի մեր ճրագը այստեղէն՝ երկրի վրայ մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին, լոյս արձակէ ու ապա նոյնը ընէ առ յաւէտ՝ երկնքի հարսանեկան խնջոյքի ժամանակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.