2017-11-11 09:18:00

Պանկլատեշի կաթողիկէները յոյսով կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապի ժամանումին


(Ռատիօ Վատիկան) Պանկլատեշի կաթողիկէներուն յոյսն է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը յաւելեալ ապահովութիւն մը երաշխաւորէ կրօնական փոքրամասնութիւններուն։ Այսպէս արտայայտուած է, Տաքքայի հոգեւորական Հայր Կապրիէլ Ամալ Քոսթա, որ կը գործէ Փիմէյի մէջ իբր միսիոնար։ Ան ըսած է թէ Պանկլատեշի ամբողջ բնակչութիւնը, որոնց կարգին նաեւ իսլամներ, ուրախ են հիւրընկալելու Սրբազան Պապը, որուն այցելութիւնը պիտի կատարուի 1-2 դեկտեմբերին։ Քրիստոնեաները կը կազմեն Պանկլատեշի 160 միլիոն բնակչութեան 0,3 տոկոսը։ Անոնք կը յուսան, թէ Սրբազան Հայրը Պանկլատեշի իշխանութիւններուն ուշադրութեան յանձնէ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը։ «2016 տարւոյն Տաքքայի ահաբեկչական արարքէն ետք, ապրեցանք վախի եւ անապահովութեան շրջան մը, եւ կը մաղթենք, որ Քահանայապետը կարենայ օգնել մեզի այդ հարցով» ըսած է Հայր Քոսթա եւ ուշադրութեան յանձնած է վերջին տարիներուն Պանկլատեշի մէջ կատարուած մեծ փոփոխութիւնները, եւ յատկապէս իսլամական ծայրայեղականութեան տարածումի խնդիրը, որ մաս չի կազմեր Պանկլատեշի մշակոյթին։ «Այս ծայրայեղականութեան գլխաւոր զոհերը կրօնական փոքրամասնութիւններն են, սակայն ոչ արմատական իսլամներ ալ թիրախ կը դառնան անոր։» Միեւնոյն ժամանակ արձանագրուած են դրական փոփոխութիւններ, ինչպէս զոր օրինակ կաթողիկէ բնակչութեան աճը։ 1986ին, երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. այցելած էր Պանկլատեշ, կային չորս թեմեր, մինչ այսօր թեմերու թիւը կը հասնի ութի։ Նոյնպէս բազմացած է թիւը քահանաներու, կրօնաւորներու եւ եպիսկոպոսներու։ «Չի պակսիր նաեւ իսլամ անհատներու դարձը՝ քրոստոնէութեան, եթէ նոյնիսկ այս երկար գործընթաց մըն է։ Եկեղեցին պէտք է շատ խոհեմ ըլլայ այս պարագաներուն, որովհետեւ եթէ դարձերը նոյնիսկ օրէնքով չեն արգիլուած, սակայն ընկերային մակարդակի վրայ նկատուած են անընդունելի։»

Հակառակ դժուարութիւններու, Պանկլատեշի Եկեղեցին կը պահէ ամուր հաւատք մը, որ կրնայ օրինակ հանդիսանալ արեւմտեան քրիստոնեաներուն, «որոնք երբեմն վախ ունին եւ կամ կʼամչնան ցոյց տալու իրենց կրօնական ինքնութիւնը։ Մինչ Պանկլատեշի քրիստոնեաները կʼապրին իրենց հաւատքը բացայայտօրէն եւ զայն ցոյց կու տան հպարտութեամբ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.