2017-11-10 12:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 10 նոյեմբերի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուած խորհրդածութեան նիւթը քաղեց  օրուան  Ղուկաս աւետարանիչի հատուածէն,  ուր կը խօսուի այն մատակարարին մասին,  որ իր Տիրոջ հարստութիւնները սպառելէ ետք, կը շարունակէ գողութիւններ գործել ՝ուրիշներու մեղսակցութեամբ։  Սրբազան Հայրը սոյն դրուագը՝ սահմանելով իսկական կաշառակերութեան արարք, տուաւ իր  օրուան պատգամը ըսելով  «սոյն իրադարձութիւնները նաեւ մեր օրերուն կը պատահին, յատկապէս անոնց հետ  որոնք պատասխանատուութիւնը ունին ժողովուրդին՝ ուրիշներուն հարստութիւնները մատակարարելու,  սեփական  հարստութիւնը մակակարողը արդարեւ կաշառակեր չէ, ընդհակառակը զանոնք կը պաշտպանէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տալով,  որ Յիսուս՝ աւետարանի սոյն հատուածին մէջ ի յայտ կը դնէ  «այս աշխարհի զաւակներու խորամանկութեան  մեծութիւնը՝ բաղդատմամբ «լոյսի զաւակներուն»,  ու նշելով թէ աշխարհի զաւակները իրենց  խորամանկութիւնը  յառաջ կը տանին ազնուութեամբ եւ մետաքսէ ձեռնոցներով։

Քահանայապետը  ապա  հաստատեց թէ կայ  նաեւ քրիստոնէական խորամանկութիւն մը, որ է, ըսաւ Ան,  «քրիստոնէական նախազգացումը»   յառաջ ընդանալու ու չիյնալու կաշառակերութեան ցանցին մէջ, ապա ընդգծեց թէ աւետարանի մէջ  Յիսուս մեզի կը ներկայացնէ մի քանի  հակասութիւններ երբ կը խօսի, օրինակի համար,  «գայլերու մէջ գառնուկներու մասին» կամ օձերու զգուշութեան ու ապաւինելու պարզութեան մասին» ապա առաջարկեց երեք  վերաբերմունքներ որոնցմէ  առաջինը՝ առողջ անվստահութիւնն է, այսինքն զգոյշ ըլլայ այն անձերէն,  որոնք շատ կը խոստանան եւ շատ կը խօսին։

Երկրորդ  վերաբերմունքը խոկումն է,  սատանային հրապոյրին դիմաց , որ կը ճանչնայ մեր տկարութիւնները,  եւ ի վերջոյ աղօթքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով «աղօթել Տիրոջ որպէսզի մեզի պարգեւէ ճարպիկ  քրիստոնեաներ  ըլլալու շնորհքը, եւ ունենալու Քրիստոնէական  խորամանկութիւնը, որովհետեւ ըսաւ Սրբազան Պապը Քրիստոնեան չի կրնար միամիտ ըլլալ։ Մենք որպէս քրիստոնեաներ մեր մէջ ունինք գանձ մը՝ Սուրբ Հոգին, զոր պէտք ենք պահպանել ու թոյլ չտալ որ Զայն մեզմէ խլեն ըսաւ Ան ապա  խնդրեց, որ  աղօթենք նաեւ կաշառակերներուն համար, աղօթենք այն խեղճերուն համար, որպէսի անոնք գտնեն  բանտէն ելքի ուղին, որուն մէջ կամեցան մտնել։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.