2017-11-10 09:07:00

Փարիզի մէջ նշուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկ հաստատման 300ամեակը


«Նոր Յառաջ».- Հոկտեմբեր 28ին Փարիզի Institut Protestant de Theologie-ի մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթար աբբահօր կողմէ Վենետիկի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300ամեակի յոբելինական գիտաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ այս առթիւ ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած յատուկ հատորը՝ «Jubilռe de l’Ordre des Pères Mռkhitaristes», Sources d’Armenie հրատարակչատան կողմէ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Լեւոն արք. Զէքիեան, որ ներկայիս զուգահեռաբար կը վարէ Պոլսոյ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդութեան, ապա նաեւ՝ Մխիթարեան միաբանութեան մէջ պապական նուիրակի երկու շատ ծանր պաշտօնները: Ան նախ երախտագիտութիւն յայտնեց աստուածային նախախնամութեան համար, որ Հայութեան պարգեւեց Մխիթար աբբահայրը: Մէջբերեց պատմաբան Լէոյի գնահատականը, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը նոր էջ մը բացաւ հայ հոգեւոր մշակոյթին մէջ, զոր պէտք է կոչել Մխիթարեաններու դարաշրջանը, պետականութենէ զուրկ ժամանակաշրջանի մը: Ան ընդգծեց նաեւ կարեւորութիւնը այս առթիւ Մխիթարեաններուն նուիրուած արժէքաւոր գիրքին հրատարակութեան:

Զէքիեան սրբազան դրուատեց յոբելինական այս ձեռնարկին գլխաւոր երկու կազմակերպիչները՝ Մաքսիմ Եւատեանն ու Ռոյ Առաքելեանը, որոնք 8 կարճ ամիսներու ընթացքին երկու տարուան աշխատանք տարած էին գլուխ հանելու համար այս կարեւոր հանդիսութիւնը, ուր Սփիւռքի հայագիտութեան, պատմագիտութեան, երաժշտագիտութեան ասպարէզէն գիտնաշխատողներ համախմբուած էին ներկայացնելու, նշելու, յայտնաբերելու Մխիթարեան միաբանութեան մշակութային ու հոգեւոր մեծ աւանդը:

Նախքան գիտական զեկուցումներու սկսիլը ներկայացուեցան Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցական երգեցողութենէն քանի մը շարականներ հայր Գրիգոր Միքայէլեանի կողմէ, դուդուկի նուագակցութեամբ Ժերար Թորիկեանի:

Թէեւ շատ սեղմ, շուրջ երեք ժամ տեւած, բայց որակաւոր գիտաժողովը, քով-քովի բերած էր Մաքսիմ Եւատեանի եւ Ռոյ Առաքելեանի կողքին՝ Պերնար Ութիէն, Պենետէթթա Գոնթին, Միքայէլ Նշանեանը, Տիգրան Գույումճեանը եւ Ժերար Տէտէեանը:

 

Քաղուած «Հայերն Այսօր»էն








All the contents on this site are copyrighted ©.