2017-11-09 09:30:00

Վիեննայի մէջ պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը


Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը: Այս մասին ազրպէյճանական «Ռիփորթ» գործակալութեան յայտնած են կազմակերպութեան գործող նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Նիստը տեղի պիտի ունենայ 7-8 դեկտեմբերին:

Մամլոյ ծառայութենէն նշած են, որ նախարարական հանդիպումը պիտի չունենայ ընդհանուր մէկ նիւթ:

«ԵԱՀԿ-ի մէջ աւստրիական նախագահութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնները, որոնք պիտի քննարկուին հանդիպումին ընթացքին, ԵԱՀԿ-ի տարածքին տագնապներու գօտիին մէջ լարուածութեան նուազեցումէն բացի ծայրայեղականութեան դէմ պայքարն է եւ կազմակերպութեան ծիրին մէջ վստահութիւնը վերականգնելու ջանքերը: Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պիտի չըլլայ հանդիպումին առանձին նիւթը, պատուիրակութիւնները կարելիութիւն պիտի ունենան անդրադառնալու նաեւ այդ հարցին», յայտնած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գրասենեակը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.