2017-11-09 12:53:00

Վատիկանի շուկային մէջ կ՛արգիլուի ծխախոտի վաճառումը։


(Ռատիօ Վատիկան) «2018-էն սկսեալ՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հրահանգով Վատիկանի շուկային մէջ կ՛արգիլուի ծխախոտի վաճառումը» այս մասին յայտնած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը հաստատելով թէ սոյն որոշումը առնուած է պարզապէս որովհետեւ Սուրբ Աթոռը չի կրնար սատարել գործունէութեան մը որ վնաս կը հասցնէ մարդոց առողջութեան։ Արդարեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն, աշխարհի մէջ ամէն տարի 7 միլիոն անհատներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն ծխախոտի պատճառաւ։

«Թէեւ ծխախոտի վաճառումը շահոյթի առիթ է Վատիկանին համար սակայն այդ շահոյթը կը դադրի օրինական ըլլալէ եթէ վտանգի կ՛ենթարկէ մարդոց կեանքը» հաստատած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Կրէկ Պուրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.