2017-11-09 08:15:00

Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան Քահանայապետական տաճարին օծման տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 9 նոյեմբերին տօնն է  Հռոմի Սուրբ  Յովհաննէսի անուան Լատերանեան  Քահանայապետական տաճարին օծման։ «Սան Ճովաննի ին լաթերանօ» պազիլիքան, Քահանայապետկան չորս գլխաւոր պազիլիքաներէն մին է ու անոնցմէ ամենահինը ՝ Սուրբ Պետրոսի, Սանթա Մարիա Մաճճորէ եւ Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքաներուն կից։

Պազիլիքան կառուցուած է Կոստանդիանոս կայսերի օրով՝ 324 թուականին։

Պազիլիքային ճակատին վրայ արձանագրուած է լատինական հետեւեալ գրութիւնը «Clemens XII Pont Max Anno V Christo Salvatori In Hon SS Ioan Bapt et Evang» որ կը նշանակէ «Կղէմէս ԺԲ Պապը քահանայապետութեան չորրորդ տարւոյն այս կառոյցը նուիրած է Յիսուս Փրկիչին՝ ի պատիւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աւետարանիչի»։

Լատերնաեան Պազիլիքան կը գտնուի Վատիկանէն չորս քլմ հեռաւորութեան վրայ։ Պազիլիքան ունի արտատարածքային կարգավիճակ եւ  Աթոռն է Քահանայապետի՝ Հռոմի թեմին տեղակալ Արքեպիսկոպոսին։

Պազիլիքային կից կան Լատերանեան Քահանայապետական  պալատը, Հռոմէական Քահանայապետական աւագ նորընծայարանը, Լատերանի Քահանայապետական համալսարանը ու կանոնագէտներու պալատը։ 

Լատերնաեան Պազիլիքան «Արքիպազիլիքայի» տիտղոսը կը կրէ որովհետեւ համարուած է չորս աւագ պազիլիքաներու մէջ ամենակարեւորը, մինչ Լատերանեան անունը կը պարտի այնտեղ ապրող «լատերանուս» տոհմին, որուն կալուածներու վրայ կառուցուած է պազիլիքան։








All the contents on this site are copyrighted ©.