2017-11-09 08:51:00

Սուրբ Աթոռը եւ ՈԻՆԵՍՔՕՆ. «ահաբեկչութեան դէմ դաստիարակութիւն, մշակոյթ եւ հաւատք»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Երբ կը խօսինք գրագիտութեան մասին կը մատնանշենք գրաւոր մշակոյթի հիմքերուն։ Ոչ մէկը պէտք է մնայ նախնական վիճակի մէջ։ Գրագիտութեան առաջին նպատակն է միլիոնաւոր անձերուն թոյլ տալ դիւրաւ հաղորդութեան մէջ մտնել իրար միջեւ, եւ ունենալ տնտեսական ու ընկերային աւելի դիւրին կեանք մը։ Պէտք չէ մոռնալ անոնք որոնք կ՛ապրին ընկերութեան ծայրամասերուն մէջ, ուսուցումի պատշաճ երաշխաւորումի պակասի բերումով»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Գերապայծառ Ֆրանչեքսօ Ֆոլլօ, ՈԻՆԵՍՔՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, Փարիզի մէջ կայացած՝ ՄԱԿ-ի այդ հաստատութեան 39-րդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։

Գերապայծառ Ֆոլլոյի համար հարկաւորութիւնը կայ վերադառնալու ուսմունքի, մշակոյթի ու հաւատքի կենսական արմատներուն, յաղթահարելու համար ահաբեկչութիւնը։ Ան ապա ընդգծեց հարկաւորութիւնը որ գաղթականութեան դիմող անհատները՝ զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ գտնեն, հացէն ու խաղաղութենէն անդին, նաեւ հոգեկան ու մտային սնուցում, որուն մաս կը կազմէ մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ պատգամը, թշնամիներուն ներումը, ու Ամենակալին դիմաց բոլորին հաւաստութիւնը, քրիստոնէական բարոյականութեան յատկանիշեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.