2017-11-08 10:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը. «Սուրբ Պատարագը»։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 8 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, որուն առթիւ անոնց ներկայացուց Սուրբ պատարագի մասին յատուկ խորհրդածութիւն մը, հիմնուելով Յովհաննէս Աւետարանիչի մէկ հատուածին վրայ ուր Յիսուս կը հաստատէ «ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ով որ հաւատայ ինծի յաւիտենականն կեանքը կ՛ընդունի. Ես եմ կեանքի հացը։ Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։ Այս է հացը որ երկինքէն իջած է, եթէ մէկը ուտէ ասկէ պիտի չի մեռնի։Ես եմ կենդանի հացը իջած երկինքէն։ Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ յաւիտեան պիտի ապրի եւ հացը զոր ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է. զոր ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար։» (Յովհ 6, 47-51),

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր կը սկսինք մտածականներու նոր շարք մը որ իր հայեացքը պիտի սեւեռէ Եկեղեցւոյ սրտին, այսինքն սուրբ Հաղորդութեան վրայ։ Մեզի քրիստոնեաներուն համար հիմնական է լաւապէս հասկնալ Սուրբ Պատարագի իմաստն ու արժէքը որպէսզի Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնները ապրինք միշտ աւելի լիութեամբ։ Չենք կրնար մոռնալ համայն աշխարհի մէջ մեծ քանակով այն քրիստոնեաները, որոնք երկու հազար տարուայ պատմութեան ընթացքին, մինչեւ մահ դիմադրեցին պաշտպանելու համար Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ որքանով այսօր եւս անոնք կը շարունակեն վտանգի ենթարկել իրենց կեանքը՝ մասնակցելու համար կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի պաշտամունքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը ապա ակնարկեց 304 տարւոյն, Դիոկղետիանոս կայսրին քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներուն ու այդ հալածանքներու ընթացքին քրիստոնեաներու տուած վկայութեան թէ «առանց Սուրբ Հաղորդութեան անոնք կարող չէին ապրիլ»։

Յիսուս եւս, յարեց Սրբազան Պապը, կը յորդորէ «Եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինը եւ չի խմէք անոր արիւնը, կեանք չէք ունենար. Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ըմպէ իմ արիւնս յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ եւ ես վերջին օրը յարութիւն պիտի տամ» (Յովհ. 6, 53-54)։

«Սուրբ Հաղորդութեան ու պատարագի իսկական ու խոր իմաստը «շնորհակալութիւն է». Գոհաբանութիւն Աստուծոյ՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի որ մեզ կը ներառէ ու մեզ կը բարեփոխէ իր սիրոյ հաղորդութեան մէջ» հաստատեց ապա Քահանայապետը նշելով թէ յաջորդ մտածականներուն ընթացքին պիտի ջանայ պատասխաններ տալ Սուրբ Հաղորդութեան ու Պատարագին հայող մի քանի կարեւոր հարցերուն, բացայայտելու համար թէ ինչպէս այդ հաւատքի խորհուրդի ընդմէջէն Աստուծոյ սէրը կը շողայ։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց հուսկ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին ու ծիսական բարենորոգումի մասին անորմէ բխած թելադրանքներուն, հաստատելով թէ Սուրբ Պատարագի մասնակցիլը կը նշանակէ վերապրիլ մեր Տիրոջ չարչարանքներն ու փրկարար մահը» ապա հարցեր ուղղեց որոնց շարքին թէ ի՞նչու պատարագի ընթացքին խաչ կը կնքենք եւ ապաշխարութեան աղօթքը կ՛արտասանենք սուրբ պատարագին սկիզբը ապա հաստատեց թէ խորհուրդներն ու յատկապէս Սուրբ Պատարագը Աստուծոյ սիրոյ նշաններ են ու առանձնաշնորհեալ ճանապարհ՝ անոր հետ հանդիպելու։ Ան ապա քննադատեց այն անձերը որոնք Սուրբ Պետրոսի մէջ կամ հրապարակի վրայ մատուցած պատարագի ընթացքին իրենց բջիջային հեռաձայններով նկարահանումներ կ՛ընեն, որոնց շարքին նաեւ քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ ըսաւ Ան, փոխանակ ամփոփուելու ու իրենց սրտերն ու հոգիները յանձնելու Տիրոջ։ Այս մէկը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ինծի տխրութիւն կը պատճառէ, հուսկ խօսքը աւարտեց հայցելով Տիրամօր հովանին որպէսզի՝ ըսաւ Ան, առաջնորդէ մեզ վերագտնելու, Սուրբ Պատարագի զոհի մէջ թաքնուած գեղեցկութիւնը որ լիակատար իմաստ կը պարգեւէ իւրաքանչիւրիս կեանքին։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն խրախուսելով առաջինները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու քրիստոնէական վկայութեան վրայ, հիւանդներուն թելադրեց իրենց ցաւերը նուիրել հալածուած քրիստոնեաներուն ապա նորապսակները քաջալերեց միշտ ապաւինելու Աստուծոյ եւ ոչ միայն իրենց անձնական կարողութիւններու վրայ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.