2017-11-08 11:00:00

Իրաքի Քարաքոշ շրջանին մէջ պիտի վերանորոգուի Տոմինիքեան քոյրերու վանքը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հիմնարկը դրամահաւաք մը կազմակերպած է , վերանորոգելու համար,  Ւրաքի Քարաքոշ շրջանին մէջ  գտնուող  Սիեննայի Սրբուհի Կատարինէ միաբանութեան քոյրերուն վանքը։ 

Վանքը  կործանումի ենթարկուած է  իսլամական  Պետութիւն կոչուած խմբաւորումներուն  կողմէ Նինւէ   քաղաքը գրաւումի  ժամանակ ։

1893-էն ի վեր հաստատուած , 6-էն 7  Յուլիս 2014-ին, լուսցնող գիշերը, Տոմինիքեան միաբանութեան քոյրերը,  փախուստ տալով ահաբեկիչներէն,   ստիպուած եղան   Քարաքոշի իրենց վանք ձգել,.  ապաստան գտնելու համար Էրպիլ քաղաքի  գաղթավայրերու մէջ։   Անոնք Ւրաքի  պատերազմի դժուար տարիներուն,  գաղթականներուն  կողքին գտնուելով ,   աջակցութիւն ցուցաբերեցին կարիքաւորներուն, յատուկէն  մանուկներուն։  Կրօնաւորուհինները, կազմակերպած են   երկու դպրոցներ՝ մին Անքավայի  իսկ երկրորդ Տուհոքի  շրջաններուն մէջ։   Շնորհիւ  տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հիմնարկին, այդ դպրոցներուն մէջ ուսում ստացած են  աւելի քան 500 քրիստոնեայ  մանուկներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.