2017-11-07 09:34:00

Իմաստուն ըլլանք այս աշխարհիս վրայ


 

 « Յիսուս մեկնեցաւ անկէ եւ գնաց իր հայրենիքը եւ աշակերտները կը հետեւէին իրեն : Շաբաթ օրը կը սորվեցնէր ժողովարանին մէջ: Բազմաթիւ ունկնդիրներ զարմացած կը հարցնէին . « Ուրկէ՞ առեր է այս ամէնը, ի՞նչ է այս իմաստութիւնը որ տրուած է իրեն եւ մեծ հրաշքները՝ որ կը կատարուին իր ձեռքով»: Ամէնքն ալ կը գայթակղէին Յիսուսի պատճառով : Յիսուս ըսաւ անոնց . « Մարգարէն անարգուած է միայն իր հայրենիքին, իր գերդաստանին եւ իր տունին մէջ»: Եւ չկրցաւ այնտեղ հրաշքներ ընել, բուժեց մէկ քանի հիւանդներ՝ անոնց վրայ ձեռք դնելով: Զարմացաւ անոնց անհաւատութեան վրայ : Կը շրջէր մերձակայ գիւղերը  եւ կը սորվեցնէր : ( Մարկ 6, 1-6 )

 

 Ո՝վ Տէր, մտիկ ըրէ ինծի որովհետեւ քեզ կը կանչեմ: Սիրտս կը տրոփէ քու խօսքէդ եւ պէտք է քու դիմագիծդ փնտռեմ, քու դէմքդ փնտռեմ որովհետեւ քեզ կ'ուզեմ ճանչնալ եւ մօտենալ քեզի : Մի գոցէր քու դէմքդ այլ քու աչքերուդ միջոցաւ հասկցուր ինծի   կեանքին իմաստութեան մէջ մտնելու քեզի եւ քու խօսքդ աւելի հասկնալու համար :

Աստուծոյ ժողովուրդին փափաքը միշտ Տէրը գտնելու մէջն էր: Փրկչագործութեան պատմութեան եւ ճանապարհին ընթացքին Աստուծոյ հաւատալու եւ մօտենալու Իսրայէլի ժողովուրդին ծարաւը կը մեծնար : « Ո՝վ Աստուած, դուն իմ Աստուածս ես Տէրս ես, քեզ առաւօտ կանուխէն կը փնտռեն, իմ հոգիս ծարաւ է քեզի » ( Սաղմոս 62) : Այս փնտռած Աստուածը միշտ  հեռու կը թուէր հրեայ ժողովուրդին ինչպէս որ երգ երգոցին մէջ կ'ըսէ . « Փնտռեցի ինչ որ հոգիս կը բաղձար եւ սակայն չգտայ զայն: »

Ուրեմն Աստուած կը խոստանայ իր ժողովուրդին որ զինք գտնէ քանի որ ծարաւի մէջ է որպէսզի այս փնտռտուքը բոլոր սրտով ընթանայ :

Այս խնդրանքներէն ետք, Աստուած ղրկեց իր Որդին իրենց հետ ապրելու համար: Մարկոս Աւետարանիչը մեզի կը նկարագրէ այն հանդիպումը որ ունեցան շաբաթ օրուան ընթացքին տաճարին մէջ: Հաւատացեալները շատոնց կը սպասէին այս հանդիպումին  եւ սակայն ի՞նչ էր հանդիպումին արդիւնքը : « Ուրտեղէ՞ն եկաւ մեզի այս մարդը »  ըսին: Մարկոս Աւետարանիչը մեզի կ'ըսէ թէ խորապէս ցնցուած էին իր անձէն եւ մանաւանդ իրենց հանդիպումէն եւ խօսքերէն : Մենք ալ իրարու հարց տանք . եթէ այսօր Տէրը մեզի երեւնայ, ի՞նչ վիճակով պիտի ընդունինք զայն:

Կը փնտռենք իր երեսը, բայց ի՞նչ է երեսը Տիրոջ, եթէ ոչ խորունկ եւ սիրալիր ճանաչումը Քրիստոսի:

Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ որ ըլլանք իմաստուն երբ Աստուծոյ խօսքը ընդունինք, որովհետեւ նկատելու ենք զայն որպէս կեանքին արուեստ մը, կէտ մը յղանալու անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային գոյութեան: Իմաստութեան միջոցաւ կրնանք հասկնալ կեանքին խնդիրները , ինչպէս սիրոյ , տառապանքի, պատիժի եւ ամէն օրուայ համեստութեան իսկութիւնը, զաւակներու կրթութիւնը եւ այն բոլոր հանգամանքները որոնք մեզ յաջողութեան կը տանին:

Իմաստուն ըլլանք մարդոց համար, Աստուծոյ խօսքը եւ իմաստութիւնը կը մնան լաւագոյն ձեւը մարդուս ճամբան լուսաւորելու , որովհետեւ այս շնորհքը Աստուծմէ ամէնուս կը շնորհուի:

Նոր Կտակարանը  մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսը որպէս « Բանը » «Խօսքը » Աստուծոյ, այսինքն կը շեշտէ ծագումին վրայ որ մեզի պէս մարդ դարձաւ : Մեզի կը ներկայանայ որպէս Աստուծոյ իմաստութիւնը, այսպէսով բոլորիս կ'ապահովեցնէ որ մեր կեանքը իրմով խնամուած պիտի մնայ՝ զայն աստուածացնելու համար:

Ո՝վ Աստուած իմ, ես առաւօտէն քեզի կը փնտռեմ ու քեզի կը դիմեմ, հոգիս ծարաւի է քեզի՝ առաւել եւս իմ մարմինս: Կ'ուզեմ քու սրբութեանդ մէջ տեսնել քու փառքդ եւ զօրութիւնդ որովհետեւ ինծի համար քու ողորմութիւնդ աւելի գեղեցիկ է քան կեանքին վայելչութիւնները: Թող իմ շրթունքներս միշտ քեզի գովաբանեն: Ամէն:

 

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.