2017-11-06 11:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մեր մեղքերուն դիմաց թոյլ տանք, որ Աստուած ողորմի մեզի»


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 6 նոյեմբեր 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայաի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ Աստուծոյ երեք պարգեւներու ու կոչումներու մասին՝ «ընտրութեան, խոստումի եւ դաշինքի» պարգեւներու մասին։

«Փրկչագործութեան պատմութեան մէջ, Աստուած  իր ժողովուրդին շնորհած  է երեք անփոխարինելի պարգեւներ. ընտրութիւն, խոստում եւ դաշինք» ըսաւ Նորին Սրբութիւն շեշտը դնելով Աստուծոյ  Աբրահամի եւ իւրաքանչիւրիս հետ Աստուծոյ կնքած դաշինքի ու անոր նկատմամբ հաւատարմութեան վրայ հրաւիրեց  մտածելու, եթէ  Աստուծոյ այս պարգեւներուն  քնքշութիւնը  կը զգանք , եթէ հաւատարիմ ենք՝ նման Աստուծոյ հաւատարմութեան։  

Ան  ապա դիտել տալով,  որ  ընտրութեան, խոստումի եւ դաշինքի ուղեւորութեան ընթացքին կան մեղքեր եւ անհնազանդութիւններ, ընդգծեց Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու հաւատարմութիւնը  նշելով նաեւ , որ Աստուած իր շնորհած պարգեւները ետ չառներ։ 

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով որ  իւրաքանչիւր հաւատացեալ խոկայ  իրեն վերապահուած  ընտրութեան մասին,  ու Տիրոջ խոստումներու եւ դաշինքի մասին    եւ մտածէ  թէ ինչպէս կ՝ապրի Տիրոջ հետ կնքուած  այդ  դաշինքը ու թէ ինչպէս  մեղքերու ու անհնազանդութիւններու դիմաց  թոյլ կու տանք որ Աստուած ողորմի մեր վրայ ու ասկէ մեկնելով փառաբանել զԱստուած մեզի շնորհած պարգեւներուն համար, պարգեւներ ու կոչում որոնք անհետկանչելի են ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.