2017-11-06 09:23:00

Ռայի Պատրիարքը կ՛ընդառաջէ Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէրին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք պիտի ընդառաջէ Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէրին:

Ան նշեց, որ երկու շաբաթ ետք պիտի այցելէ Ռիատ` աւելցնելով, որ ինք 2013-ին Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորէն ստացած էր հրաւէր մը, որ օրին խաչաձեւումներ յառաջացուցած էր պապի ընտրութեան հետ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա այցելութեան իմաստով ոչ մէկ նախապայման ճշդուած է` աւելցնելով, որ օր մը օրանց ոչ մէկ վայր այցելութեան պարագային նախապայմաններ ճշդուած են:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իր դերակատարութիւնը քաղաքական չէ, այլ` հոգեւոր: «Բոլորը կը ճանչնան, թէ ո՛վ է մարոնի համայնքի պատրիարքը», աւելցուց ան:

Իր կարգին, Ծոցի երկիրներու հարցերով սէուտցի պետական նախարար Թամեր Սապհան շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցելութիւնը կը հաստատէ արաբ բոլոր ժողովուրդներուն հետ գոյակցելու եւ համերաշխութեամբ ու խաղաղութեամբ ապրելու Ռիատի ուղեգիծը:








All the contents on this site are copyrighted ©.