2017-11-06 11:36:00

«Քանդուած Տէր-Զօրը եւս պիտի վերաշինենք հաւաքական հաւատքով ու յանձնառութեամբ»․Արամ Ա.


«Յուզումով, ցաւով ու ընդվզումով դիտեցի Տէր-Զօրի մեր եկեղեցւոյ ու համալիրին նկարները: Քանդում եւ ամայութիւն…: Տէր-Զօրը մեր ժողովուրդին համար հոմանիշ եղաւ ցաւի, տառապանքի ու ցեղասպանութեան: Տէր-Զօրը նաեւ խորհրդանիշ եղաւ մեր ժողովուրդի վերածննդեան: Պատմութեան ընթացքին մեր թշնամիները քանդած են, բայց մենք վերաշինած: Քանդուած Տէր-Զօրը եւս պիտի վերաշինենք հաւաքական հաւատքով ու յանձնառութեամբ»:

Այսպէ՛ս ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երբ քիչ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին մէջ տեսաւ ազատագրուած Տէր-Զօրի մեր եկեղեցւոյ ու համալիրին վերջին պատկերները:








All the contents on this site are copyrighted ©.