2017-11-06 09:46:00

«Զարգացում, խաղաղութիւն եւ զինաթափում» Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Հեռանկարներ աշխարհի մը՝ ազատ միջուկային զէնքերէն եւ ի նպաստ համապարփակ զինաթափումի». Այս է խորագիրը այն միջազգային համագումարին զոր Մարդկային  համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վատիկանեան  Ժողովը կազմակերպած է Վատիկանի մէջ յառաջիկայ 10 եւ 11 նոյեմբերին ի յայտ դնելու համար Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ի նպաստ զարգացումին, խաղաղութեան ու ապազինումին։

Համագումարը նախատեսուած է ինչպէս նշեցինք 10 եւ 11 նոյեմբերին Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ միջազգային հաստատութիւններու ու պետական իշխանութիւններու պատուիրակութիւններ ու ակադեմիական աշխարհի անդամներ, որոնք պիտի զեկուցեն միջուկային զէնքերու հարցին շուրջ, միջուկային զէնքեր որոնք տակաւին վերջնականապէս չեն արգիլուած միջազգային օրէնսդրութեան համաձայն համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ

Համագումարը առիթ պիտի ըլլայ նաեւ վերահաստատելու ու զարգացնելու զինաթափումի մասին Սուրբ Աթոռի դիրքը ինչպէս նաեւ վերարծարծելու համամիութենական ու միջկրօնական երկխօսութիւնը հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2017-ի մարտին միջուկային զինաթափումի մասին Նիւ Եորքի մէջ գումարուած վեհաժողովին ուղղած պատգամին վրայ, որուն մէջ Ան հաստատած էր թէ «խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարող չեն հիմնուած ըլլալ սուտ ապահովութեան զգացումի վրայ…խաղաղութիւնը հիմնուելու է արդարութեան ու մարդկային համապարփակ զարգացումի վրայ, մարդկային իրաւունքներու յարգանքի ու խաղաղարար հաստատութիւններու զարգացումի, դաստիարակութեան ու առողջապահութեան երաշխաւորումի ինչպէս նաեւ երկխօսութեան ու զօրակցութեան վրայ», Սրբազան Հայրը ապա աւելցուցած էր «այս ուղղութեամբ միջազգային հասարակութիւնը կանչուած է որդեգրելու յառաջընթաց ռազմավարութիւններ՝ խթանելու համար խաղաղութեան ու կայունութեան նպատակակէտը..եւ այս առընչութեամբ միջուկային զէնքերու ամբողջական վերացումը կը դառնայ հրատապ մարտահրաւէր ու մարդկայնական ու բարոյական հրամայական»։

Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը 10 նոյեմբերին յատուկ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ համագումարի մասնակիցներուն՝ անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.