2017-11-05 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) "Ով որ ձեր մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ թող ձեր ծառան ըլլայ". Այս է կիրակի 8 նոյեմբեր 2017-ի աւետարանական հատուածի առանցքըկազմող պատգամը, որուն վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց իր խորհրդածութիւնը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին զոր արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

«Այսօրուայ Աւետարանը (քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն (Գլ 23, 1-12) կը հայի Յիսուսի Երուսաղէմի մէջ ապրած վերջին օրերուն» - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ անոնք «ծանր ու մեծ սպասումներով օրեր էին», մէկ կողմէն Յիսուս կը քննադատէ Դպիրներն ու Փարիսեցիները ու միւս կողմէն բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն կը յանձնէ կարեւոր յորդորներ, զանոնք զգուշացնելով դպիրներու ու փարիսեցիներու ապրելակերպէն, որովհետեւ անոնք յաճախ իրենց իշխանութիւնը կ՛օգտագործեն ոչ թէ բարի օրինակ հանդիսանալու այլ պատուոյ տեղեր գրաւելու ու մարդոց առջեւ երեւնալու համար։

"Յիսուս արդարեւ իր աշակերտներուն կը յանձնարարէ որ թոյլ չտան որ զիրենք "Րաբբի" կոչեն, որովհետեւ մէկ է միայն Վարդապետը ու իրենք բոլորը իրարու եղբայրներ են" ըսաւ Քահանայապետը ու  կրկնեց Յիսուսին խօսքերը "Ով որ կ՛ուզէ ձեր մէջ մեծ ըլլալ թող ձեր ծառան ըլլայ"։

Մենք Յիսուսին աշակերտներս պէտք չէ ձգտինք իշխանութեան ու պատիւներուն այլ պէտք ենք իրարու հետ վարուիլ որպէս եղբայրներ, մէկը միւսին ծառայութիւն մատուցելով, հետեւելով Յիսուսի ուսուցումին որ սրտով հեզ ու խոնարհ է,   ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզի ըլլալու ընդունակ այն սիրոյն որ կու գայ Աստուծմէ ի  նպաստ մեր եղբայրներուն ծառայութեան։

Խորհրդածութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա ողջունեց հրապարակը գտնուող զանազան վայրերէն ժամանած հաւատացեալներու խումբերը հուսկ հրաժեշտ առաւ անոնցմէ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.