2017-11-04 09:20:00

Քոյր Ռեճինա Մարիա Վաթթալիլ՝ «Արդարութեան ծարաւն ունեցող» Երանելին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ՝ 4 նոյեմբեր 2017-ին Հնդկաստանի Ւնտորէ քաղաքին մէջ Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ՝  կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, երանելիներու շարքին կը դասէ՝ Ֆրանչիսկեան Քլարիսեան միաբանութեան անդամ՝ Քոյր Ռեճինա Մարիա Վաթթալիլը, որ 25 փետրուար 1995-ին իր կեանքը զոհեց յանուն Քրիստոսի։

Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Սուրբերու դատի Ժողովի կառավարիչը Քոյր Ռեճինա Մարիա Վաթթալիլը որակեց  «Արդարութեան ծարաւ ունեցող» Երանուհի նշելով թէ ան հաւատքի համար սպաննուած է, մինչ փոխադրակառքի մէջ էր եւ կ՛ուղղուէր դէպի Պհոփալ. Մարդասպան ոճրագործ մը զինք դաշունահարեց դաշոյնի 54 հարուածներով, մինչ Քոյրը Ռեճինան կը շարունակէր կրկնել  Յիսուսին անունը։

Քողր Վաթթալիլը սպանողները ուզած էին  վերջ տալ Անոր սիրոյ Աւետարանի քարոզութեան ու աղքատներուն ի նպաստ արդարութեան պայքարին, ի դէմ բոլոր անոնց որոնք կը շահագործէին այդ աղքատները ու անիրաւ կերպով տէր կը դառնային անոնց կալուածներուն։

Քոյր Ռեճինայի մահուընէ ետք անոր  մարդասպանը հրապարակաւ խոստովանեցաւ ոճիրը ու ներում հայցեց անոր համար։

«Քոյր Ռեճինա Մարիա Վաթթալիլի՝ նահատակութիւնը օրհնութիւն մըն է համայն հնդկաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար» ըսաւ Կարդինալ Ամաթօ յայտնելով թէ «անոր զոհաբերումը դարձաւ լուսաւոր փարոս մը բազմաթիւ այլ միսիոնարներու համար»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.