2017-11-02 10:21:00

Թրամփ խստացուցած է Միացեալ Նահանգներ մուտքի համար գաղթականներու ընտրութեան ծրագիրը


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ հրահանգած է առաւել եւս խստացնել գաղթականներու ընտրութեան ծրագիրը, որով կ՛արտօնեն մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ:

«Ես հրահանգած եմ, որ ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը ուժեղացնէ ընտրութեան արդէն իսկ ծայրայեղ ծրագիրը: Քաղաքական բարեկրթութիւնը լաւ է, սակայն ոչ այս պարագային», գրած է Թրամփ:

Ան չէ բացատրած, թէ արդեօք ատիկա կապուա՞ծ է Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, թէ ոչ: Սակայն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «ՏԱՀԵՇ-ին պիտի չարտօնենք Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր իր պարտութենէն ետք վերադառնալ եւ մուտք գործել մեր երկիր»:

Հոկտեմբերին Թրամփ յայտարարած էր, որ կը վերսկսի գաղթականներու ընդունման ծրագիրը 120 օր տեւած սառեցումէ ետք, սակայն կը խստացնէ 11 երկիրներէ քաղաքացիներու ընտրութեան հոլովոյթը: Թրամփ խոստացած է, որ ընտրութեան ընթացակարգերը «ծայրայեղ» պիտի ըլլան, եւ կը կարծէ, որ հասած է այդ նպատակին:

Մինչ այդ, ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ 31 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ 8 զոհ եւ աւելի քան 10 վիրաւոր պատճառած վրայերթի հեղինակը ծնունդով Ուզպեքիստանէն Սաֆուլօ Սայիպովն է: Ըստ ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին, 29-ամեայ Սայիպով արձանագրուած է Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքին մէջ: Ան Միացեալ Նահանգներ եկած է 2010-ին:

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան ահաբեկչութիւն կատարած է ՏԱՀԵՇ-ի անունով:

«Իրաւապահ մարմիններու աղբիւրներուն համաձայն, տղամարդը, որ դարձած է 8 մարդու մահուան եւ աւելի քան 10 մարդու վիրաւորուելու պատճառ, ինքնաշարժին մէջ գրութիւն ձգած է, ըստ որուն, ան այս յարձակումը կը կատարէ ՏԱՀԵՇ-ի անունով», կը հաղորդէ «Էն.Պի.Սի.»-ն:

Կը հաղորդուի, որ Սայիպովը իբրեւ վարորդ աշխատած է «Ուպեր» թաքսի ծառայութեան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Պի.Էս.»-ը` յղում կատարելով ընկերութեան ներկայացուցիչին:








All the contents on this site are copyrighted ©.