2017-11-01 10:39:00

Լուտերական Բարենորոգման 500 ամեակի առթիւ միասնական յայտարարութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին, վերջ գտան  Լուտերական համաշխարհային դաշնութեան եւ Քահանայապետական Քրիտոնեաներուն միութեան- Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 500 ամեակի  միասնական յիշատակումի արարողութիւնները։

Այս առթիւ Լուտերական համաշխարհային դաշնութիւնը  եւ Քահանայապետական Քրիստոնեաներու միութեան զարգացման  խորհուրդը հրապարակեցին  միասնական յայտարարութիւն մը,  որուն սկիզբը,  յիշելով 500 ամեակի  միասնական յիշատակումը,  որ սկիզբ առած էր 31 հոկտեմբեր 2016-ին, եւ վերջ գտաւ 31 հոկտեմբեր 2017-ին,  գոհութիւն արտայայտեցին ընդունուած   հոգեւոր եւ Աստուածաբանական պարգեւներու համար, որուն յիշատակումը  տեղի ունեցաւ համաշխարհային մակարդակի  վրայ։

Երկու եկեղեցիները, Լուտերական եւ Կաթողիկէ,  իրենց խորին երախտագիտութիւնը   յայտնած են   վերջին յիսուն տարիներուն  ուղեւորութեան համար՝ որ հասարակաց աղօթքի, Աստուածային պաշտամունքին, համամիութենական երկխօսութեան զօրակցութեամբ, երկու եկեղեցիները առաջնորդած է դէպի միութեան ուղեւորութիւն, որուն համար Յիսուս աղօթեց  (Յովհ 17, 21)։

Միասնական յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է միասնական յիշատակումի կարեւոր  ձեռնակներուն մասին,  որոնց  շարքին՝ 31 հոկտեմբեր 2016-ին,  Շուէտի Լունտ քաղաքին մէջ երկու եկեղեցիներու միջեւ միասնական աղօթքի ձեռնարկը,   որուն ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ այդ ժամանակուան  Լուտերական համաշխարհային դաշնութեան նախագահ՝ Եպիսկոպոս Մունիպ Եունան, միասնական յայտարարութեան ստորագրութեամբ վերահաստատեցին իրենց  յանձնառումը  շարունակելու  համամիութեան  ուղեւորութիւնը։

Միասնական յայտարարութեան մէջ նշուած է . երկու եկեղեցիները Ճանչնալով իրենց ժողովուրդին՝ Քրիստոսի մէջ մէկ ըլլալու  հոգեւոր ծարաւի եւ անօթութեան համապատասխանելու պատասխանատուութիւնը,  փափաք յայտնած են որ սոյն Քրիստոսի մարմնի վէրքը՝ դարմանուի, հաստատելով որ համամիութենական միասնական  ջանքերու հեռանկարն է ,  յառաջդիմել եւ վերանորոգել Աստուածաբանական երկխօսութեան երկու եկեղեցիներու միջեւ յանձառումը ։

Յայտարարութեան մէջ  նշուած է որ յիշատակումի տարուան ընթացքին փորձարկուած  օրհնութիւններու շարքին է նաեւ  այն իրողութիւնը-  որ Կաթողիկէներ եւ Լուտերականները առաջին անգամուան համար Բարեխումը տեսան  համամիութենական հեռանկարով,  որ  նոր փոխըմբռնումի կարելիութիւն ընծայեց  ԺԶ դարու իրադարձութիւններուն մասին, որոնք պատճառած էին  երկու եկեղեցիներուն միջեւ խզումը։

Միասնական յայտարարութեան աւարտին նշուած է թէ երկու եկեղեցիները իրենց հայեացքը ապագային վրայ սեւեռած,  յանձնառու են յարատեւելու միութեան ուղեւորութեան վրայ, Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ,  շրջանցելով նախապաշարումները, եւ ընթանալով դէպի միութիւնը որուն համար  մեր տէրը  Յիսուս Քրիստոս աղօթեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.