2017-10-31 10:05:00

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին Մեսրոպեանը պատուեց Հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան ուսուցիչը


Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ բոլոր կարգերուն մէջ՝ մանկամսուրէն մինչեւ բարձրագոյն կարգ, ուր, դասարանային աշխատանքներով եւ հանդիսութիւններով, անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայ դպրութեան հիմնադիր հայրերուն եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ անոնց գրական հարուստ ժառանգութիւնը:

Այս տարի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան վարժարանի բակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին առջեւ, 27 Հոկտեմբերին: Աշակերտական զոյգ հաւաքներուն ընթացքին ներկայացուեցան խմբային արտասանութիւններ եւ երգեր. աշակերտութեան անունով խօսք արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտ Էլի Թորանեան, որ վերահաստատեց նոր սերունդին հաւատարմութիւնը՝ Ոսկեդարու արժէքներուն: Այս առիթով, աշակերտները իրենց ձեռքով պատրաստած նշաններով պատուեցին Մեսրոպեանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան նախակրթարանի աշակերտներուն հետ երկխօսութեան ձեւով վեր բերաւ Թարգմանչաց տօնի թելադրանքները, իսկ երկրորդականի աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ վերլուծեց հայերէնի թարգմանուած Աստուածաշնչեան առաջին նախադասութեան իմաստը:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ աշակերտները հրաւիրեց անդրադառնալու Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան, դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուի առօրեայ դրութեամբ՝ հայ խօսքով, հայ երգով եւ հայ ոգիով կենդանի պահելու համար մեր Ոսկեղենիկ լեզուն:

Տօնին առիթով, Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը գնահատանքի նշանով պատուեց վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան հանգստեան կոչուած ուսուցչուհի տիկին Ալիս Պօյաճեանը, որ աշակերտներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, յորդորելով անոնց արժանի հետնորդները ըլլալ Սուրբ Մեսրոպի եւ Սուրբ Սահակի: Նախակրթարանի պատասխանատու տիկին Սալբի Մուղալեան այս առիթով ըսաւ, որ տիկին Ալիս գործեց մեծագոյն սիրով ու անսպառ խանդավառութեամբ, սիրելին դառնալով իր աշակերտներուն եւ սիրելի դարձնելով հայերէնը՝ անոնց:  Պարոն Կրէկուար Գալուստ իր հերթին շեշտեց, որ 27 տարիներու իր անձնուէր ծառայութեամբ, տիկին Պօյաճեան անջնջելի դրոշմ ձգած է վարժարանի պատմութեան եւ հայ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.