2017-10-30 13:23:00

«Հիւլէական զինաթափման համագումար Վատիկանի մէջ». Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Կրեք Պուրք,  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ հետեւեալ  յայտարարութիւնը կատարեց.  

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վճռականապէս  կ՝աշխատի,  հիւլէական զէնքէ զուրկ աշխարհի մը ի նպաստ՝ անհրաժեշտ պայմաններ զարգացնելու համար,   ինչպէս Ւնք անձամբ,  անցեալ մայիս ամսոյն ընթացին այդ նպատակով  ընդգծած էր  ՄԱԿ-ին  ուղղուած պատգամին մէջ։ 

Ճիշդ այս պատճառաւ,  յառաջիկայ շաբաթ,  տեղի պիտի ունենայ կարեւոր համագումար մը՝ կազմակերպուած Քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կողմէ, որուն  նիւթն է  «հեռանկարներ հիւլէական զէնքէ զերծ աշխարհի մը եւ համապարփակ զարգացումի ի նպաստ։Սխալ է խօսիլ Սուրբ Աթոռին միջամտութեան  մը մասին» գրած է Սուրբ Աթոռին Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ակնարկելով վերջին օրերուն այդ ուղղութեամբ լոյս տեսած լուրերուն»։  

,








All the contents on this site are copyrighted ©.