2017-10-29 12:10:00

«Մեծագոյն Պատուիրանը՝ Սէրն է» Ֆրանչիսկոս պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 29 հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ըսելով.

 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս,

այս կիրակի օրուայ ծէսը մեզի կը ներկայացնէ աւետարանական հակիրճ հատուած մը որ շատ կարեւոր է (Մատթէոս 22, 34-40)։ Աւետարանիչը կը պատմէ թէ Փարիսեցիները կը հաւաքուին փորձելու համար Յիսուսը։ Անոնցմէ մին Յիսուսին կը հարցնէ «Վարդապետ օրէնքին մէջ ո՞րն է ամենամեծ պատուիրանը»։ Յիսուս անյապաղ կը պատասխանէ «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր մտքովդ»։ Ապա կ՛աւելցնէ «պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս» հաստատելով թէ այս երկու պատուիրաններէն կախում ունին Օրէնքն ու Մարգարէները։

«Յիսուս արդարեւ իր կեանքը ապրեցաւ քարոզելով ու գործադրելով էականը՝ այսինքն սէրը»  ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «Սէրը սլացք ու պտղաբերութիւն կու տայ կեանքին ու հաւատքի ուղեկցութեան.Առանց սիրոյ՝ ըլլայ կեանքը, ըլլայ հաւատքը կը մնան ամուլ»։

«Աստուած որ Սէր է, մեզ ստեղծեց մեզի մասնակից դարձնելու իր կեանքին, որպէսզի մեզ սիրէ ու մենք սիրենք զինք ու Անոր մէջ սիրենք նաեւ միւս բոլոր անձերը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Այս է Աստուծոյ մարդուն համար «երազը» ու այս երազը իրականացնելու համար կարիքը ունինք շնորհքին, եւ Յիսուս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեզի կը նուիրուի ասոր համար. ընդունելով Անոր Մարմինն ու Արիւնը մենք կ՛ընդունինք Անոր սիրոյն մեծագոյն արտայայտութիւնը՝ Անոր զոհաբերումը մեր փրկութեան համար»։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով որ Սուրբ Կոյսը  օգնէ մեզ՝ մեր կեանքին մէջ ընկալելու Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ մեծագոյն պատուիրանը։ 

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Պրազիլի մէջ երէկ՝ Երանելի հռչակուած Հայր Ճովաննի Սքիավոն մաղթելով որ անոր օրինակը մեզ օգնէ լիապէս նուիրուելու Քրիստոսին ու Անոր աւետարանին։ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ողջունեց  հրապարակը համախմբուած զանազան վայերէ ժամանած ուխտաւորները ու Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.