2017-10-28 10:17:00

ՏԱՀԷՇի ահաբեկիչները կը վերադառնան իրենց երկիրները


Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԵՇ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ իրականացուող յաջող ռազմական գործողութիւններու շնորհիւ կազմակերպութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մեծ մասը արդէն ազատագրուած է: Տարածքները կորսնցնելէ ետք ահաբեկչական կազմակերպութեան մէջ կռուող տաբեր երկիրներէ եկած վարձկանները ետ կը վերադառնան իրենց երկիրները:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ ամերիկեան «Soufan Center» կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, այս օրերուն ահաբեկիչները ամենաշատ Թուրքիա կը վերադառնան:

Համաձայն հրապարակման` Սուրիայէն ու Իրաքէն արդէն 5600 օտարերկրեայ վարձկաններ վերադարձած են,անոնցմէ 900-ը՝ Թուրքիա:

«Խալիֆայութենէն ետք. Օտարերկրեայ զինեալներու ու ետ վերադարձածներու սպառնալիքը» զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ երկարաժամկէտի վրայ Թուրքիա վերադարձած անձերէն 7240-ը ձերբակալուած կամ կալանաւորուած են ԻՊ-ի ու ալ Քայիտայի անդամ ըլլալուն կասկածանքով:

Զեկոյցէն պարզ կը դառնայ, որ ԻՊ-ի շարքերուն մէջ ահաբեկիչներ կան 33 երկիրներէ: Թուրքիա այդ երկիրներու մէջ ահաբեկչական շարքերու մէջ ունեցած քաղաքացիներու թիւով 7-րդն է: Առաջինը Ռուսիան է, ապա Սէուտական Արաբիան,  3-րդ եւ 4-րդը Յորդանանն ու Թունիսն են: Այս երկիրներու շարքին է նաեւ Անգլիան,ուրկէ գացած 850 զինեալներուն կէսը վերադարձած է «հայրենիք»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.