2017-10-28 09:51:00

Պրազիլի մէջ երանելի կը հռչակուի Հայր Ճովաննի Սքիավոնի


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 28 հոկտեմբեր, 2017-ին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, Պրազիլի մէջ  կը գլխաւորէ  Հայր Ճովաննի Սքիավոյին երանացման արարողութիւնը։ 

Երանելիներու շարքին արժանացած կղերականը ծնած է Ւտալիոյ Վիչենցա քաղաքի Սան Ուրպանօ գիւղին մէջ՝ 8 յուլիս 1903-ին։  Ան Սուրբ Յովսէփ  միաբանութեան դպրեվանքին մէջ ուսանելէ ետք, խնդրած է նոյն դպրեվանքին մէջ ընդունուիլ որպէս կրօնաւոր։

28 օգոստոս 1919ին, Հայր ճովաննի կատարած է միաբանութեան  առաջին ուխտերը,  ապա քահանայական ուսումները աւարելէ ետք, ձեռնադրուած է  քահանայ, 10 յուլիս 1927-ին ՝ Ւտալիոյ Վիչենցա քաղաքին մէջ։

Որպէս քահանայ  ծառայած  է  Ւտալիոյ մէջ՝ չորս տարի, ապա առաքուած՝  Պրազիլ,  ուր զանազան հասարակութիւններուն մէջ զբաղած է հովուական ծառայութեամբ՝  յատուկէն  խնամք տանելով Պրազիլի   մէջ «Մուրիալտինէ» միաբանութեան մայրապետներու կազմաւորման։   

27 յունուար 1967-ին,  ծանր հիւանդութեան պատճառաւ հոգին կ՝աւանդէ  Պրազիլի «Քացիաs» քաղաքի հիւանդանոցին մէջ։

Հայր Ճովաննի Սքիավոյի երանացման դատը սկիզբ առաւ  2001-ին՝ Պրազիլի Քացիաս թեմէն ներս  եւ աւարտած  2003-ին։

14 դեկտեմբեր 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց Հայր Սքիավոյի մարտիրոսական առաքինութիւններու հրամանագիրի հրապարակումը ապա ,՝1 դեկտեմբեր 2016-ին  վաւերացուց Անոր բարեխօսութեամբ  տեղի ունեցած  հրաշքը։  Նոր երանելիին աճիւնները այժմ կը հանգչին Պրազիլի մէջ Մուրիալտինէ  մայրապետներու միաբանութեան գերեզմանոցէն ներս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.