2017-10-28 09:24:00

Կարդինալ Փարոլին. «Եւրոպայի ծրագրի որպէս կեդրոն պէտք ենք ընտրել մարդ անհատը»։


(Ռատիօ Վատիկան) Հոկտեմբեր 27-29,  Եւրոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական Ժողովներու Յանձնախումբի կողմէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած  «(Re)Thinking Europe» խորագրուած երկխօսութեան ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ Կարդինալ Փարոլին շեշտը դնելով Եւրոպայի դիմաց կայացած հրատապ մարտահրաւէրներուն,  թուեց ներկայ հարցերը՝ ինչպէս տնտեսական տագնապը, գաղթականութեան ողբերգական հարցը, միջերկրական շրջանը  յօշոտող մարտահրաւէրները, աշխատանքի պակասը, երիտասարդներուն ապրած անորոշ իրավիճակը,  ազգայնականներու յառաջացումը ու կենսոլորտի պահպանումի հայող տագնապը, ու այս առընչութեամբ հաստատեց թէ  հարկաւոր է վերագտնել Եւրոպայի մը գաղափարը որ մարդ անհատը ընտրէ որպէս կեդրոն, անոր եղբայրութեան իղձով ու ճշմարտութեան եւ արդարութեան կամքով։

Կարդինալ Փարոլին ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն ու հրաւէրը Եւրոպային՝ հրահրելու նոր մարդկայնականութիւն՝ որ հիմնուած ըլլայ երեք կարողութիւններու վրայ՝ներառութեան, երկխօսութեան ու ծնունդ տալու կարողութիւնը։   

Կարդինալ Փարոլին ապա հաստատեց թէ որպէս քրիստոնեաներ՝ ոգեւորուած ու նեցուկ ունենալով մեր հաւատքը,  կ՛ուզենք մեր սատարը տալ Եւրոպայի ծրագրին ու մղուած՝ Աստուծոյ քաղաքը փնտռելու իղձէն  չենք ուզէր մոռնալ մարդկային հասարակութիւնը կառուցելու կարեւորութիւնը։

Միւնխէնի եւ Ֆրայզինկի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ռէյնհարտ Մարքս՝ Եւրոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական Ժողովներու Յանձնախումբի նախագահը եւս, վերոյիշեալ ձեռնարկի առթիւ  կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց «մարդ անհատի» կեդրոնականութեան կարեւորութիւնը Եւրոպայի ծրագիրի ծիրէն ներս, որպէսզի, ըսաւ Ան, ամէն մէկ անհատ դառնայ այդ ծրագրի դերակատար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.