2017-10-26 11:19:00

«Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Յիսուս մեզ կը կոչէ փոխելու մեր կեանքը, մեր ընթացքը, Ան մեզ կը կոչէ ապաշխարութեան», ու այս կը նշանակէ «պայքարիլ չարին դէմ, սկսեալ սրտէն»։ «Պայքար մը որ հանգիստ չի շնորհեր սակայն քեզի կը պարգեւէ խաղաղութիւն»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քարոզին առանցքը՝ զոր արտասանեց հինգշաբթի 26 հոկտեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը ու հաստատելով թէ ապաշխարութիւնը, փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հոգիի ներգոյութեամբ, թէեւ մեզի կ՛իյնայ առաջին քայլը կատարել եւ «ընդունիլ որ ան գործէ իմ մէջս»։

Չկան հանգիստ քրիստոնեաներ որոնք չեն պայքարիր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անոնք որոնք չեն պայքարիր գաղջ քրիստոնեաներ են։ Հանգիստ քուն մը ունենալու համար կան դեղեր սակայն անոնք քեզի չեն կրնար ներքին խաղաղութիւնը պարգեւել, աւելցուց Ան, ընդգծելով թէ «Միայն Սուրբ Հոգին է որ կարող է պարգեւել հոգւոյն խաղաղութիւն, որ  քրիստոնեային համար  ուժ է»։

«Մենք պարտաւոր ենք օգնել Սուրբ Հոգիին, մեր սրտին մէջ տեղ տրամադրելով Անոր» ըսաւ ապա Քահանայապետը, «պարտաւոր ենք թոյլ տալ որ ան մուտք գործէ մեր սրտին մէջ, որովհետեւ ապաշխարութեան համար կարիքը կայ վեհանձն ու հաւատարիմ սրտի մը. Վեհանձնութիւնը որ կը բխի միշտ սէրէն ու հաւատարմութիւն, հաւատարմութիւն Աստուծոյ Խօսքին» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.