2017-10-25 10:27:00

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի այցելութիւնը Հայաստան


Երէկ` երեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2017-ին, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ հասաւ Երեւան:

Մետվետեւ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Ռուսիոյ վարչապետը ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու վարչապետներուն հանդիպումը, որմէ ետք միջկառավարական, միջնախարարական եւ միջշրջանային համագործակցութեան առնչուող փաստաթուղթերու ստորագրում:

Հայաստան պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ  վարչապետը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Այսօր, 25 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը:








All the contents on this site are copyrighted ©.