2017-10-24 13:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 24 հոկտեմբերի քարոզը՝ «Քրիստոս սիրեց զիս եւ ինքզինք տուաւ ինծի համար»


(Ռատիօ Վատիկան) «Յիսուսի խորհուրդին կեդրոնը Անոր Սէրն է, Ան  զիս սիրեց, եւ ինքզինք նուիրեց՝ ինծի համար։ Այս խորհուրդին մէջ ներթափանցելու  համար, Սրբազան Հայրը  յորդորեց Տիրոջ խաչելութեան՝ Ճանապարհ խաչի մասին խորհրդածել ։ 

23 հոկտեմբեր 2017-ին, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշեց, թէ լաւ  է Պատարագի երթալ,  բարի բան է աղօթել,  բարի քրիստոնեաներ ըլլալ, սակայն՝ պէտք ենք մտածել եթէ Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդին մէջ մտած ենք թէ ոչ։ 

Հասկնակու համար, թէ ով է Յիսուս մեզի համար Սրբազան Քահանայապետը կը յորդորէ մխրճուիլ անոր խորհուրդին մէջ։ «Քրիստոս սիրեց զիս եւ իր կեանքը տուաւ ինծի համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ դժուար է գտնել մէկ մը, որ իր կեանքը կու տայ արդար մարդու մը համար, սակայն Յիսուս Քրիստոս իր կեանքը տուաւ ինծի մեղաւորիս համար, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոս իր նամակին մէջ ընդունելով իր մեղաւորի վիճակը։

«Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդին մէջ մտնել կը նշանակէ մտնել Քրիստոսի ողորմութեան անդունդին մէջ ուր չկան խօսքեր այլ  լոկ՝ սիրոյ ողջագուրում» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, մատնանշելով Յիսուսի անհուն սիրոյն որ զինք մղեց մինչեւ մահ՝ Խաչին վրայ մեզի համար ։

Ֆրանչիսկսո Պապ ակնարկեց ապա խոստովանանքի խորհուրդին, որ է ըսաւ Ան հանդիպում Քրիստոսին հետ ու  ներումի ու ողջագուրումի  անշահախնդիր խորհուրդ,  ապա՝ հաստատեց թէ Քրիստոսի խորհուրդը հասկնալը շնորհք մըն է եւ թէ այս շնորհքին արժանի ըլլալու համար լաւ է նաեւ դիմել աղօթքին ու խաչի ճանապարհի մասին խորհդրածութեան, քալելով Յիսուսին հետ հասկնալու համար այն պահը որուն ընթացքին ան մեզի շնորհեց  խաղաղութեան եւ ներումի ողջագուրումը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով  մեր աչքերը սեւեռել Խաչեցեալին, ստեղծագործութեան ամենամեծ խորհուրդի խճանկարին, Խաչեցեալ  Քրիստոսին, պատմութեան եւ կեանքի կեդրոնը»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.