2017-10-24 09:47:00

Զուիցերիոյ մէջ լաթվիացի անչափահաս մը կացինով յարձակում գործած Է անցորդներու դէմ


Լաթվիոյ 17 տարեկան քաղաքացի մը 22 հոկտեմբերի երեկոյեան կացինով յարձակում գործած է Զուիցերիոյ Ֆլիմուս ոչ մեծ համայնքին մէջ, յարձակումին հետեւանքով քանի մը հոգի վիրաւորուած են: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ-ն:

Ըստ զուիցերիական ոստիկանութեան տեղեկութիւններուն, պատանին յարձակած է պուրակի մը մէջ զբօսնող տեղւոյն բնակիչներուն վրայ, որմէ ետք փախուստ տուած է գողնալով ինքնաշարժ մը, սակայն արկածի ենթարկուած է:

Յանցագործը յայտնուած է վառելանիւթի կայարանի մը մօտ եւ կատարած երկրորդ յարձակումը: Այստեղ հասած են ոստիկանները, որոնք հարկադրուած եղած են զէնք կիրարկել, որուն պատճառով անչափահասը վիրաւորուած է:

Ոստիկանութիւնը յայտնած է, թէ լաթվիացին գործած է մինակ եւ միջադէպը կապ չունի ահաբեկչութեան հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.