2017-10-23 12:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Ջուր եւ Կլիմայ» ի հայող Հռոմի միջազգային վեհաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) 23 - 25 հոկտեմբեր 2017-ին Հռոմի Քաղաքապետարանի մօտ տեղի կ՛ունենայ «Ջուր Եւ Կլիմայ՝ աշխարհի մեծ գէտերը դէմ յանդիման» բնաբանով միջազգային վեհաժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին որ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը յղեց ներկաներուն, փոխանցելով Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնները ու անոր բարեմաղթութիւնները վեհաժողովին աշխատանքներուն համար, որոնց նպատակն է, յայտնեց Ան, որոնել նոր ուղիներ լաւապէս պահպանելու ջուրի թանկագին պարգեւը՝ մարդկութեան ապագային համար։

Կարդինալ Փարոլին ապա նշեց թէ այս կը պահանջէ «խնամքի մշակոյթ» ու միջազգային հասարակութեան խղճի քննութիւն՝ դիմագրաւելու աշխարհի ամէնէ կարեւոր «գետավազաններու» հարցերը, որոնց պատճառները փնտռուելու են  կլիմայական փոփոխութիւններու սպառնալիքներուն ծիրէն ներս։

Կարդինալ Փարոլին ապա յայտնեց թէ Նորին Սրբութիւնը վեհաժողովին որոշումները կը յանձնէ Ամենակալին առաջնորդութեան ու բոլորին վրայ կը հայցէ իմաստութեան ու յարատեւութեան օրհնութիւնները՝ ի նպաստ մեր հասարակաց տան նկատմամբ աւելի մեծ ուշադրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.