2017-10-22 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Հոկտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 22 հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին  ներկայացուց խորհրդածութիւն մը քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն, ուր կը խօսուի «Կեսարի Տուրքի» մասին եւ ուր Յիսուս՝ իրեն ուղղուած կնճռոտ  այն հարցումին թէ «արտօնուա՞ծ է թէ ոչ Կեսարին տուրք վճարելը» կը պատասխանէ ըսելով. «Կեսարին տուէք ինչ որ կեսարինն է եւ Աստուծոյ ինչ որ Աստուծոյ է» 

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը արդար դատեց տուրքերու վճարումը, սակայն միւս կողմէ կը պահանջէ նաեւ Աստուծոյ՝ որ մարդու կեանքի ու պատմութեան Տէրէն է՝ տալ այն ինչ որ իրեն կը պատկանի։

«Արդարեւ Աստուած է որ մեզի կը պարգեւէ ամէն ինչ եւ քրիստոնեան կանչուած է յանձնառու ըլլալ առօրեային մէջ Աստուած չի հակադասելու Կեսարին, այլ երկրային իրականութիւնները լուսաւորելու Աստուծմէ բխած լոյսով» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւաելցուց «Աստուծոյ վրայ վհատիլը ու Անոր մէջ յոյս ունենալը իրականութենէն փախուստ մը չէ, այլ Աստուծոյ վերադարձնել է այն ինչ որ Իրեն կը պատկանի եւ ասոր համար է որ հաւատացեալը յոյսով կը նայի ապագայի իրականութեան, որ է Աստուծոյ իրականութիւնը, որպէսզի երկրային կեանքը ապրի իր լիութեամբ ու քաջութեամբ համապատասխանէ անոր մարտահրաւէրներուն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Ամենասուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ  օգնէ ապրելու միշտ Աստուծոյ պատկերի համաձայն, մեր սատարը տալով երկրային քաղաքի կառուցման։

Խորհրդածութենէն ետք Սրբազան Պապը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալները վերյիշեց երէկ Պարսելոնայի մէջ երանելիներու շարքին դասուած մարտիրոսները, հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը որպէսզի թիկունք կանգնին ժամանակակից քրիստոնեաներուն որոնք՝ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ հարստահարուած ու հալածուած են։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Միսիոներական համաշխարհային օրը ու հրաւիրեց բոլորը ապրելու Աւետարանի վկայութեան առաքելութեան ուրախութիւնը ինչպէս նաեւ աղօթքով թիկունք կանգնելու այն միսիոնարներուն որոնք մեկնած են Քրիստոսը քարոզելու անոնց որոնք տակաւին չեն ճանչցած Զինք։

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտարարեց թէ իր կամքն է 2019-ի հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին նշել «Միսիոներական արտակարգ ամիս» մը, հուսկ յիշելով  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ը որուն ծիսական տօնը կը յիշատակուի այսօր, զայն անուանեց  «միսիոնար Քահանայապետ» անոր հովանիին յանձնելով Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա խնդրեց հաւատացեալներէն որ միանան՝աշխարհի խաղաղութեան համար իրեն աղօթքին,  հաստատելով թէ այս օրերուն կը շարունակէ հետեւիլ Քենիայի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձներուն, «որուն համար կ՛աղօթեմ» ըսաւ Ան, «որպէսզի ներկայ հարցերը լուծում գտնեն կառուցողական երկխօսութեան մթնոլորտի մը մէջ, ի սիրտ ունենալով միշտ հասարակաց բարիքը»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց  ողջունելով հրապարակը համախմբուած տարբեր վայրերէ ժամանած հաւատացեալներու խումբերը խրախուսելով զանոնք շարունակելու իրենց հաւաքի ուղեւորութիւնը, ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.