2017-10-21 11:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը նոր աւետարանումի զարգացման խորհուրդի համագումարի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 21 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց, Քահանայապետական նոր աւետարանումի զարգացման խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած համագումարի աւելի քան 450 մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ վերոնշեալ համագումարին  կեդրոնական նիւթին՝ «Քրիստոնէական վարդապետութիւնը  եւ հաշմանդամութիւնը»։

Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ հակառակ վերջին տասնեակ տարիներուն ընթացքին հաշմանդամութեան նկատմամբ արձանագրուած զարգացումներուն,  դժբախտաբար՝ տակաւին շատեր հաշմանդամները կը նկատեն, որպէս  մեկուսացուածներ  առանց անոնց մէջ նկատելու  մարդկային հոգեւոր հարստութեան բազմաձեւերը։  

«Հասարակաց մտայնութեան մէջ տակաւին  զօրեղ է մերժումի կեցուածքը՝  այս իրավիճակին հանդէպ,   կարծես թէ անիկա արգելք  ըլլար երջանիկ  կեանք ապրելու համար եւ անձը իրականացնելու համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  դիտել տալով  թէ իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ անձեր որոնք իրենց  դիւրաբեկութեան եւ   զոհողութիւններուն  հանդերձ,   գտած են  իրենց կեանքի  գեղեցիկ  եւ իմաստալից ուղին   եւ միւս կողմէն  կան  անձեր որոնք ակնյայտօրէն կատարեալ կը թուին սակայն յուսալքուած վիճակի մէջ են։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ այս բոլորին պատասխանն է սէրը՝,  ոչ թէ կեղծ սէրը այլ ճշմարիտ, շօշափելի եւ յարգալիր սէրը, աւեցնելով  թէ «երբ մենք զմեզ ընկալուած ու սիրուած  կը զգանք, երբ  հասարակութեան մէջ ներառուած  ենք ու ապագային կը նայինք   յոյսով,  կը զարգանայ մէջ  կեանքին ճշմարիտ ուղին եւ կը փորձարկենք  մշտական  երջանկութիւնը։   

Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց ապա հաւատքի կարեւորութիւնը նշելով թէ հաւատքը կեանքի մեծ ընկերն է,  երբ ան   թոյլ կուտայ շօշափելի օրէն  դպչիլ Հօր ներկայութեան, որ երբեք  իր արարիչները միայնակ  չթողուր,   ապա աւելցուց որ եկեղեցին երբեք չի կրնար  լուռ մնալ ու չարձագանգել հաշմանդամութենէ տառապող  անձերուն  պահանջին զանոնք պաշտպանելով ու գործելով ի նպաստ անոնց զարգացումին։

 «Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը՝ հաշմանդամութենէ տառապող անձերու ընտանիքներուն,  կ՛օգնէ զանոնք  գերազանցելու մեկուսացեալ կենաք վարելու իրականութիւնը»,  ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա  հաստատեց  թէ    «քրիստոնէական վարդապետութիւնը կանչուած է յատկապէս  բացայայտելու եւ փորձարկելու համահունչ ձեւեր՝  որպէսզի իւրաքանչիւր անձ,  իր շնորհքներով, սահմանափակումներով եւ հաշմանդամութեամբ,  իր ուղեւորութեան ընթացքին կարենալ հանդիպիլ  Յիսուսին ու  հաւաքով  անձնատուր ըլլայ Անոր ։

Ոչ մէկ ֆիզիքական սահմանափակում  կրնայ արգելք հանսդինալ այդ  հանդիպումին, որովհետեւ  Քրիստոսի դիմագիծը կ՝արտացոլայ իւրաքանչիւր անձին խորքին մէջ։  

Սորվինք ուրեմն յաղթահարել վախն ու անհանգստութիւնը ամէն անգամ  որ հանդիպինք հաշմանդամութենէ տառապող անձերուն։ Սորվինք իմաստութեամբ հնարել գործիքներ,  որպէսզի ոչ մէկուն պակսի շնորհքի թիկունքը. օրինակով կազմաւորենք, կրօնուսոյցներ-  որոնք կարող ըլլան ընկերանալ այդ անձերուն որպէսզի անոնք աճին հաւատքի մէջ եւ իրենց հարազատ ներդրումը կատարեն Եկեղեցւոյ  կեանքէն ներս – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ու խօսքը աւարտեց բոլորը յանձնելով Տիրամօր հովանիին ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար 








All the contents on this site are copyrighted ©.