2017-10-21 11:48:00

Միսիոներական համաշխարհային օր. Քահանայապետական միսիոներական չորս հիմնարկները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական միսիոներական հիմնարկները ծնունդ առած են հին  քրիստոնէական եկեղեցիներուն մէջ,  որպէս նպատակ ունենալով աջակցիլ ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներու միսիոներական գործունէութիւններուն։

Քահանայապետական միսիոներական հիմնարկները, տիեզերական եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր յատուկ եկեղեցւոյ  համար նկատուած են  որպէս  մէկ հաստատութիւն եւ Վատիկանեան Տիեզերական  Բ ժողովին հիման վրայ,   միսիոներական համագործակցութեան ծիրէն ներս անոնք ունին կեդրոնական  դիրք ու հիմնական  մէկ կէտ նպատակ,  այն է  Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ զարգացնել միսիոներական եւ տիեզերական հոգին։

Քահանայապետական միսիոներական հիմնարկները ՝ այլ միսիոներական համագործակցութեան կազմակերպութիւններէն զատորոշող յատկութիւններէն մին է  հիմնարկներու Տիեզերականութեան նկարագիրը,  բնոյթը,  որովհետեւ անոնք  Քահանայապետին հիմնաներկը կը նկատուին  եւ կախեալ են Ժողովուրդներուն աւետարանումի ժողովէն։   

Քահանայապետական միսիոներական հիմնարկներուն առաջնահերթ  առաքելութինն է  Աւետարանումը- որ  նկատուած է   եկեղեցւոյ հիմնական պարտականութիւնը,  առանց անտեսելու  եկեղեցւոյ շօշափելի մասնակցութիւնը-՝ մարդկութեան համապարփակ զարգացման գործունէութեան ծիրէն ներս ։

Քահանայապետկան հիմնարկները կազմակերպուած են տիեզերական եւ միջ -ազգային մակարդակով։  Ունին բարձրագոյն կոմիտէ,-  որուն նախագահն է կառավարիչ կարդինալը։   Անոնք ունին նաեւ բարձրագոյն խորհուրդ որ կը կառավարուի  արքեպիսկոպոս նախագահի կողմէ, եւ  Քահանայապետական իւրաքանչիւր հիմնարկ ունի մէկ քարտուղար, Ազգային գետնի վրայ  ունին մէկ  տնօրէն ՝նշանակուած կառավարիչ ծիրանաւորին կողմէ  իսկ թեմական գետնի վրայ ունին Թեմին  տնօրէն՝ նշանակուած Թեմի եպիսկոպոսի կողմէ։   

Քահանայապետական միսիոներական չորս հիմնարկները։

Հաւատոյ ժողովին  Քահանայապետական միսիոներական հիմնարկը։

Հիմնարկը հիմնուած է Լիոն քաղաքին մէջ՝ 1822 թուականին,Աստուծոյ ծառայ  Pauline Jaricot, կողմէ։  Հիմնարկին  պարտականութիւնն է  զարգացնել համայն քրիստոնէական հասարակութիւններուն մէջ միսիոներական գործակցութիւնը։  Այս նպատակով, նիւթական նպաստ հաւաքելէ անդին, հիմնարկը  խնամք կը տանի միսիոներական կոչումներուն, կը զբաղի միսիոներական հոգիին դաստիարակչութեամբ

Սուրբ Պետրոս Առաքեալ  միսիոներական  Հիմնարկը

Ան հիմնուած է 1889 ին,  անոր նպատակն է թիկունք կանգնիլ միսիոներական տեղեկան եկեղեցիներուն կղերականներու ու կրօնաւորական կեանքի թեկնածուներու կազմաւորումի աշխատանքին։ 

Սուրբ Մանկութիւն կամ միսիոնար մանկութիւն հիմնարկ ։

Ան հիմնուած է 1843ին Ֆրանսայի Նենս քաղաքի եպիսկոպոս՝  գերապայծառ Տէ Ֆորպին Ժանսոնի կողմէ։ Անոր նպատակն է դաստիաարկել  մանուկները ու զանոնք պատրաստել միսիոներական հոգիի։

Քահանայապետական միսիոներական միութիւն հիմնարկը

Հիմնուած է երանելի Փաուլօ Մաննայի կողմէ ՝Իտալիոյ մէջ 1916-ին։  Անոր գլխաւոր պարտականութիւնն է միսիոներական հոգիով ոգեւորել  միսիոներական հովիւները. քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, աշխարհական հաստութիւններու անդամներ, ու յանձնառու աշխարհականները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.