2017-10-21 13:56:00

Երանելի կը հռչակուին Քլարիթեան միաբանութեան 109 անդամներ


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր՝ շաբաթ, 21 հոկտեմբեր  2017-ին, Սպանիոյ Պարսելլոնա քաղաքին մէջ սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ գլխաւորեց  Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամ «Քլարեթիան»    միաբանութեան ՝ 109 անդամներուն երանացման արարողութիւնը։

Նոր երանելի հռչակուեցան ՝ Մաթէօ Քասալս, Թեոֆիլօ Քասաժուս,  Ֆերնանտօ Սափերաս ու անոր 106 ընկերները, որոնք բարբարոսութեամբ սպաննուած են Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին քրիստոնէանրուն դէմ  մղուած հալածանքներու ժամանակ։

Վատիկանի  Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կարդինալ  Անճելօ Ամաթօ անդրադառնաեով անցեալ դարուն Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած  կրօնային հալածանքներու մասին յարեց թէ հալածանքները տեղի ունեցան մահու եւ կործանումի համաճարակի նման,  իրենց  յետին թողելով հազարաւոր անմեղ զոհեր։

«Այդ հալածանքներու ընդմէջէն ի յայտ եկան հազարաւոր այր մարդոց ոի կիներուն մարտիրոսական քաջութիւնը,  որոնց արիւնը Սպանիոյ եկեղեցւոյ  կենսունակութեան համար դարձաւ կենսական աւիշ»  ըսած է ծիրւնաւորը աւելցնելով թէ  այդ քրիստոնեաներուն հալածանքի ծովաշարժին դէմ  Քլարիթեան միաբանութեան 109 կրօնաւորները  պայքարեցցան  սիրոյ եւ եղբայիրութեան հոգիի զօրութեամբ,  իսկ բոլոր անոնց  որոնք կ՝ուզէին Սպանիոյ մէջ ոչնչացնել քրիստոնէութիւնը,  109 երանելի մարտիրոսները պատասխանեցին՝ ներում շնորհելով,  աղօթելով  եւ աղաղակելով   «մեն չենք վախնար» ըսած է  Կարդինալ Անճելօ Ամաթոն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.