2017-10-21 08:19:00

Առաքելութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայող տուեալներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Առաքելութեան 91-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ որ կը նշուի կիրակի 22 հոկտեմբերին, «Ֆիտես» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհի մէջ ներկայութեան հայող տուեալներ որոնց հիման վրայ կը պարզուի թէ աշխարհի 7.248.941.000 բնակչութեան 1.284.810.000  կաթողիկէ են։ Կաթողիկէներու թիւը 12.5 միլիոն աճ արձանագրած է աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ՝ ինչպէս Ափրիկեան, Ամերիկեան Ասիական եւ Ովկիանեան ցամաքամասերու մէջ, մինչ Եւրոպական ցամաքամասի մէջ անոնց ներկայութիւնը նուազած է0.05 առ հարիւր տոկոսով։

Իսկ ինչ կը հայի Եկեղեցական  տարածաշրջաններուն, անոնք յաւելում արձանագրած են ու հասած են 3,006 ի։

Եպիսկոպոսներու թիւը աճած է 67 նոր եպիսկոպոսներով ու հասած 5, 304ի մինչ Քահանաներու թիւը նուազած է ու հասած 415.656ի, այս նուազումը արձանագրուած է յատկապէս եւրոպական ցամաքամասին մէջ։

Աշխարհի մէջ մնայուն սարկաւագներու թիւն է 45.255 մինչ կրօնաւորներու ընդհանուր թիւը՝ 54.229 ։ Աշխարհական միսիոնարներու ու կրօնուսոյցներու թիւը նուազած է ու այժմ կան 351.797 աշխարհական առաքեալներ։

Եկեղեցւոյ կողմէ մատակարարուած դաստիարակչական ու կրթական հաստատութիւններու թիւը աշխարհին մէջ 73.489 է մինչ առողջապահական, ու խնամակալական հաստատութիւններու շարքին եկեղեցին կը կառավարէ 5.391 հիւանդանոց, 16.610 խնամակալական կեդրոն, 604 բորոտանոց, 16.270 ծերանոց, 12.376 մանկապարտէզ, 14.551 ամուսնական խորհրդատու կեդրոններ ու 3776 ընկերային դաստիարակութեան կեդրոններ ինչպէս նաեւ այլ հարցերու հայող աւելի քան 38.400 կենդրոններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.