2017-10-21 08:46:00

Ռայի Պատրիարք. «Սուրիացիներն ու Պաղեստինցիները Լիբանանի համար ծանր բեռ մը դարձած են»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լոս Անճելըս, նախագահեց տեղւոյն Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներէն կը զատորոշուի իր կրօնական, համայնքային, յարանուանական, մշակութային եւ քաղաքակրթական բազմազանութեամբ, ինչպէս նաեւ կրօնական ինքնութեան նկատմամբ յարգանքով, ժողովրդավարական վարչակարգով, ուրիշը ընդունելով, ազգային համերաշխութեամբ, երկրին իշխանութեան մէջ հաւասարակշռութեամբ եւ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեամբ:

«Իբրեւ լիբանանցիներ մենք պէտք է օժանդակենք պահպանելու համար Լիբանանի իւրայատկութիւններն ու յատկանիշները` բոլորին օգտին համար եւ որպէսզի Լիբանան կարենայ իր պատգամը ամբողջութեամբ կատարել արաբական իր շրջակայքին հետ», ըսաւ Ռայի պատրիարք:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու եւ պաղեստինցի գաղթականներու թղթածրարներուն` ընդգծելով, որ սուրիացիներն ու պաղեստինցիները Լիբանանի համար ծանր բեռ մը դարձած են եւ անոր վտանգ կը սպառնան:








All the contents on this site are copyrighted ©.