2017-10-20 08:16:00

Առաքելութեան համաշխարհային օրուան ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝  20 հոկտեմբեր 2017-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար «Առաքելութեան համաշխարհային օրը» որ կը նշուի՝ առաքելութեան նուիրուած ամիս հոկտեմբերի նախավերջին կիրակի օր, որ այս տարի կը զուգադիպի 22 հոկտեմբերին։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Ժողովուրդներու աւետարանումի Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի, Քահանայապետական առաքելական հիմնարկի նախագահ՝ գերապայծառ Փրոթազէ Ռուկամպուա ապա Հաւատոյ Ժողովի  Քահանայապետական առաքելութեան հիմնարկի ժամանակաւոր ընդհանուր քարտուղար՝ Հայր Թատէուս Նովաք։

Առաքելութեան Համաշխարհային 91-րդ  օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ 4 յունիս 2017-ին  հրապարակած պատգամին այս տարուայ բնաբանն է «առաքելութիւն քրիստոնէական հաւատքի սիրտ» որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծած է առաքելութեան կարեւորութիւնը ու այդ առաքելութիւնը պատշաճ կերպով իրագործելու հարկաւորութիւնը հաստատելով թէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ուղղուած է բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, հիմնուած Աւետարանի կերպարանափոխիչ հզօրութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.