2017-10-20 07:27:00

Ամազոնեան շրջանի Սիւնհոդոս. Պրազիլի եպիսկոպոսներու շնորհակալութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 19 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Սերժօ Տա Ռոքան։ Հանդիպման ընթացքին ծիրանաւորը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Համա - Ամազոնեան շրջանի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը  հռչակելուն համար  ինչպէս նաեւ՝ անցեալ կիրակի՝ պրազիլցի մարտիրոսները սուրբերու շարքին դասելուն համար, ապա անոր հայրական ու եղբայրական հիւրընկալութեան համար։ 

Կարդինալ Սերժօ Տա Ռոքան Ռավտիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց նաեւ թէ Քահանայապետին հետ խօսած է Պրազիլի Եկեղեցին յուզող հարցերու մասին յատկապէս անդրադառնալով Երիտասարդներուն նուիրուած յառաջիկայ սիւնհոդոսին ու այդ սիւնհոդոսի վրայ կեդրոնացած յոյսերուն։

Այն հարցումին թէ Քահանայապետը մտահոգուած է Պրազիլի հարցերով ըլլան անոնք ընկերային կամ եկեղեցական , Կարդինալ Տա Ռոքա պատասխանած է թէ «Այո՛, Քահանայապետը միշտ մտահոգութիւն ցուցաբերած է ու յոյս ունի որ մենք եպիսկոպոսական դասը, կարողանանք շարունակել սատարել Երկրին մէջ արդարութեան, ընկերային արդարութեան ու խաղաղութեան կառուցումին, ու յատկապէս ծառայել աղքատներուն ու տառապող անձերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.