2017-10-20 12:50:00

«Կարելի չէ արդիւնաւէտութեան խորանին վրայ զոհել հիմնական արժէքները» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 20 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց «Քահանայապետական ընկերային գիտութեան կաճառի» կազմակերպած ուսումնաժողովին մասնակիցները որոնք միասնաբար քննարկեցին ժամանակակից ընկերութիւնը յուզող հարցեր՝ ինչպէս շուկայի, պետութեան ու քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ համագործակցութեան նոր կերպերու մշակումը։

Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն արտասանած խօսքին մէջ կեդրոնացաւ երկու յատուկ դրդապատճառներու վրայ որոնք կը յառաջացնեն, ըսաւ Ան, բացառութիւնն ու գոյութենական արուարձաններ։

Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ մոլորակի շահագործման մասին ինչպէս նաեւ այդ շահագործումէն յառաջացած անարդարութիւններու ու անհաւասարութիւններու մասին, որոնք, ըսաւ Ան, կախում ունին անհատական վարուելակերպէ ու ընկերութեան մը սահմանած տնտեսական կանոններէ, որոնք ունին հտեւանքներ։ 

«Եթէ որպէս նպատակ ընտրենք շահը, այդ ժամանակ կ՛աճին անհաւասարութիւնները ու մոլորակի շահագործումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ապա բացառումի այլ դրդապատճառի մը՝ որ է արժանաւոր աշխատանքի պակասը։

«Նոր աշխատանքի ստեղծումը կարիքը ունի բաց ու նախաձեռնող անձերու, ինչպէս նաեւ եղբայրական յարաբերութիւններու ու ներդրումներու՝ մաքուր ուժանիւթի զարգացումի ուղղութեամբ, յաղթահարելու համար կլիմայական փոփոխութիւններու մարտահրաւէրները», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  այս առընչութեամբ քննադատելով մասնակի շահեր փնտռող «լոպպիստներու» ճնշումները, հաստատելով թէ քաղաքական ներգործութիւնը պէտք է հիմնուի մարդ անհատի ի սպաս ծառայութեան վրայ, ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքի ծառայութեան ու բնութեան յարգանքի վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ  մեր առջեւ կայացած մարտահրաւէրը այն է՝ քաջութեամբ  շրջանցել գերիշխող ընկերային ներկայ համակարգը, զայն բարեկարգել ու շուկայէն չի պահանջել միայն հարստութեան արտադրումն ու համապարփակ զարգացումի ապահովութիւնը այլ նաեւ գործել մարդկային համապարփակ ծառայութեան ի սպաս։

«Կարելի չէ արդիւնաւէտութեան խորանին վրայ զոհել մեր ժամանակուայ «պարարտ եզը» որ՝ հիմնական արժէքներն են, ինչպէս  ժողովրդավարութիւնը, արդարութիւնը, ազատութիւնը, ընատինքն ու արարչութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց թէ «պետութիւնը եւս կարող չէ հանդիսանալ հասարակաց բարիքին միակ ու բացառիկ տէրը, բացառելով քաղաքացիական ընկերութեան այլ խաւերուն ուժականութեան արտայայտութիւնը», այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ նկատելով անձնական իրաւունքի  ու հասարակաց բարիքի միջեւ համադրումը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց մաղթելով որ քաղաքացիական ընկերութիւնը կարողանայ իր սատարը տալ՝ որպէսզի պետութիւնն ու շուկան վերատեսեն իրենց էութեան պատճառները ու գործելակերպի ձեւը, ապա բոլոր ներկաներուն ու անոնց հարազատներուն  վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.