2017-10-20 08:58:00

Աֆղանիստան դարձեալ յարձակման թիրախ դարձաւ


Վերջին երեք օրերուն ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Աֆղանիստան յարձակման թիրախ դարձաւ, երբ երկու ականուած ինքնաշարժներ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին պայթեցան երկրի հարաւը գտնուող աֆղան զինուորական կեդրոնի մը ուղղութեամբ, Գանտահարի մէջ:

Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, երկու հոգիի կատարած անձնասպանական այս գործողութիւնը  պատճառած է  յիսուն զոհ եւ բազմաթիւ  վիրաւորներ: Նշեալ զինուորական կեդրոնը ամբողջութեամբ հրկիզուած է:

Այս յարձակումը տեղի ունեցաւ երկու օր առաջ Աֆղանիստանի մէջ պատահած մէկ այլ յարձակումէն ետք, որուն զոհ գացած էին 61 հոգի եւ 200 վիրաւոր:

Աւելի ուշ Թալեպան շարժումը ստանձնեց յարձակման պատասխանատուութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.