2017-10-19 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մեթոտիստներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 19 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ի շարս պաշտօնական հանդիպումներուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ՝ Կաթողիկէ-Մեթոտիստ երկխօսութեան 50-րդ ամեակին առթիւ, ունկնդրութիւն շնորհեց Մեթոտիստներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին մէջբերեց Ղեւտացիներու գրքէն հետեւեալ խօսքը. «Եւ յիսուներորդ տարին պիտի սրբէք ու երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն պէտք է քարոզէք» ու գոհունակութիւն յայտնեց Տիրոջ՝ հաստատելով թէ մենք եւս կարող ազատեցանք օտարականի ստրկութենէն ու յիսուն տարուայ եղբայրական երկխօսութեան շնորհիւ, կարող ենք ըսել որ այլեւս մէկը միւսին նկատմամբ օտարական չենք, այլ Աստուծոյ ընտանիքի անդամ։

Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ընթացքին արծարծուած  համամիութենական հարցերուն ու թելադրանքներուն՝ քալելու երկխօսութեան ճանապարհի վրայ։ Իսկական երկխօսութիւնը մեզ կը քաջալերէ մշտապէս իրար հանդիպելու ու մէկը միւսէն սովրելու, որովհետեւ մենք եղբայրներ ենք ու երկար բաժանումէ ետք ուրախ ենք դարձեալ իրար հանդիպած ըլլալու համար եւ ուրախ ենք քալելու միասին մէկը միւսին վեհանձնութեամբ բանալով մեր սրտերը այն գիտակցութեամբ թէ այս ուղեւորութիւնը օրհնուած է Տիրոջմէ։

Հաւատքը կը դառնայ շօշափելի յատկապէս երբ ան կ՛իրականանայ սիրոյ մէջ ու մասնաւորապէս աղքատներու ու մեկուսացեալներու ծառայութեան մէջ, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով թէ  կաթողիկէները ու մեթոտիստները այս մէկը կատարելով կը համապատասխանեցնեն Տիրոջ կոչին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ կարելի չէ խօսիլ աղօթքի ու եղբայրսիրութեան մասին եթէ միասին չ՛աղօթենք ու չի գործենք ի սպաս հաշտութեան ու լիակատար հաղորդութեան, ընդգծելով թէ Աստուծոյ Հոգին է որ կը ներգործէ եւ կ՛իրագործէ հաշտուած միութեան հրաշքը ու թէ այս մէկը կ՛ընէ իր ոճով՝ յառաջացնելով տարբեր շնորհապարգեւներ որոնք կը վերակազմուին միութեան  մը մէջ ՝որ միաձեւութիւն չէ, այլ հաղորդութիւն։ Ասոր համար, ըսաւ Սրբազան Պապը, պէտք է աշակերտներուն նման, միասին ըլլանք ու սպասենք Սուրբ Հոգիին գալստեան, որպէս եղբայրներ ուղեւորութեան մէջ, ապա խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, յիսուն տարուայ երկխօսութեան ճանապարհորդութեան համար հաստատելով թէ պարտականութիւնը տակաւին չէ աւարտած ու կանչուած ենք յառաջ նայելու խոնարհ յոյսով ու շօշափելի յանձնառումով Աստուծոյ օգնութեամբ իրականացնելու այդ լիակատար միութիւնը, երբ միասին բեկանենք Կեանքի հացը ու հրաւիրեց միասին աղօթել Հայր մեր աղօթքը, հայցելով Հօրմէ առօրեայ հացը՝ որպէսզի թիկունք կանգնի այդ ուղեւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.