2017-10-19 13:16:00

Քաղդէացիներու Պատրիարքի կոչը պաշտպանելու անձերը եւ ոչ թէ վառելանիւթի հանքերը


(Ռատիօ Վատիկան) Ւրաքի մէջ Բեշմերկաներու եւ Ւրաքի պաշտօնական բանակի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած բախումներուն ի տես, Քաղդէացիներու  Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարքը, կոչ- նամակ մը յղած է Ւրաքի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Ֆուատ Մասումին, որուն մէջ  անհրաժեշտ նկատած է,  որ համագործակցութեան  հոգի մը ստեղծուի երկրի հաւատացեալներուն միջեւ,  բոլորը միասին  դիմագրաւելու նոր հակամարտութիւնները,  առաջնահերթ  կէտնպատակ ունենալով հետապնդել՝ անձերուն պաշտպանութիւնը եւ ոչ թէ վառելանիւթի հանքերը ։  Պատրիարքը յոյս յայտնած է որ  ստեղծուի «արդի եւ ուժեղ  քաղաքակիրթ երկիր» մը,  զօրեղ քաղաքականութեամբ, որ ի վիճակի  ըլլայ  բարեկարգումներ  կատարել՝  տնտեսական, մշակութային, եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս։ Ան ապա վերանորոգուած է հրաւէրը, որ  Պաղտատի եւ Էրպիլի միջեւ հաստատուի անկեղծ  երկխօսութիւն մը  մէկդի դնելով, ոխակալութեան հոգին ու կասկածամտութիւնը ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.