2017-10-19 10:15:00

Քաթալոնիոյ ղեկավարը կը սպառնայ անջատուիլ Սպանիայէն


Վերջերս Սպանիայէն անկախանալու գծով  հանրաքուէ կատարած Քաթալոնիոյ շրջանի ղեկավար Քարլես Փուչտեմո երէկ սպառնաց Քաթալոնիոյ անջատումը հռչակել, եթէ Մատրիտ յետս կոչէ շրջանի ինքնավար բնոյթը:

Նախապէս Փուչտեմոն երկխօսութեան կոչ ուղղած էր Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյին` հարթելու համար Քաթալոնիոյ մէջ կայացած հանրաքուէին հետեւանքները:

Նշենք, որ Սպանիոյ պատասխանատու աղբիւրներ հաւանական նկատած էին, որ իշխանութիւնը չեղեալ նկատէ Քաթալոնիոյ հանրաքուէին արդիւնքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.